altԵ­րե­ւա­նի Նոր Նորք վար­չա­կան շրջա­նի Նան­սե­նի փո­ղո­ցին վրայ գտնո­ւող Դաշ­նակ­ցու­թեան տա­րած­քա­յին նո­րա­բաց կեդ­րո­նը պի­տի ըլ­լայ ո՛չ միայն կու­սակ­ցու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման, այլ նաեւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու միա­ւոր­ման կեդ­րոն:

1989 թո­ւա­կա­նին Նոր Նոր­քի մէջ կազ­մո­ւած Հ.Յ.Դ. կու­սակ­ցա­կան միա­ւո­րը կը կրէ հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի հե­րոս Նի­կոլ Դու­մա­նի ա­նու­նը, որ նաեւ տրո­ւե­ցաւ նո­րա­բաց կեդ­րո­նին: Նո­րա­բաց գրա­սե­նեա­կը վե­րա­նո­րո­գո­ւած է Աւստ­րա­լիոյ Հ.Յ.Դ. «Դ­րօ» Կո­մի­տէու­թեան, Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան եւ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ:

Աւստ­րա­լիոյ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րը 2014ին ո­րո­շած են ա­ջակ­ցիլ կեդ­րո­նի շի­նու­թեան: Հ.Յ.Դ. Աւստրա­լիոյ Կո­մի­տէի ան­դամ Հայկ Կայ­սե­րեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է նման գրա­սե­նեա­կի մը վե­րա­նո­րո­գու­մը կա­տա­րե­լու ա­ռի­թին հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա պի­տի դառ­նայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փար­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բե­լու հա­ւա­քա­վայր:
Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեա­նի հա­մա­ձայն, Բիւ­րո­յի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ սփիւռ­քի տար­բեր կա­ռոյց­ներ ո­րո­շած են ա­ջակ­ցիլ Հա­յաս­տա­նի կու­սակ­ցա­կան միա­ւոր­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք նման կեդ­րոն­ներ ու­նե­նան:
Ա­միս­ներ ա­ռաջ մայ­րա­քա­ղա­քի Է­րե­բու­նի վար­չա­կան շրջա­նին մէջ վե­րա­բա­ցո­ւե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան «­Մով­սէս Տէր-­Գա­լուս­տեան» տա­րած­քա­յին կեդ­րո­նը: