Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 26ին ընդունած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ջանելիձէն:Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հ.Հ. նախագահի տեղեկատուութեան եւ կապի վարչութիւնը՝ նախագահը ողջունած է հիւրը Հայաստանի Հանրապետութիւն անոր պաշտօնական առաջին այցի ծիրէն ներս եւ յոյս յայտնած, որ անիկա նոր խթան պիտի հանդիսանայ հայ-վրացական երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման գործին:
Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ հաստատած է, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ վերջին տարիներուն զգալիօրէն աշխուժացած են բարձր մակարդակի շփումներն ու քաղաքական երկխօսութիւնը` հիմնուած աւանդական բարի-դրացիական յարաբերութիւններու եւ երկու եղբայրական ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ:
Հ.Հ. նախագահը ջերմութեամբ յիշած է անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Վրաստան իր աշխատանքային այցը, որու ընթացքին արդիւնաւէտ հանդիպումներ ունեցած է երկրի բարձր ղեկավարութեան հետ` քննարկելով երկկողմ օրակարգի կարեւորագոյն հարցերը, որոնց մէջ` փոխ-շահաւէտ համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ:
Հանրապետութեան նախագահը ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման տեսանկիւնէն կարեւոր համարած է միջ-կառավարական յանձնաժողովի աշխոյժ գործունէութիւնը, սերտ շփումները նաեւ միջ-խորհրդարանական ձեւաչափով:
Հ.Հ. նախագահը եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը համակարծիք եղած են, որ Հայաստան եւ Վրաստան` ներգրաւուած ըլլալով տարբեր ընդելուզման գործընթացներու` Հայաստանը անդամակցելով Ե.Ա.Տ.Մ.ին, իսկ Վրաստանը ստորագրելով Ե.Մ.ի հետ ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրը, մեծ ներուժ ունին զարգացնելու համագործակցութիւնը նաեւ այդ գործընթացներու շրջանակներուն մէջ կուտակած փորձի փոխանակման, համատեղ ծրագիրներու իրագործման առումով: Կողմերուն համոզմամբ, ատիկա որակապէս նոր մակարդակի կը բարձրացնէ հայ-վրացական յարաբերութիւնները:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ջանելիձէն եւս կարեւոր համարած է Հ.Հ. նախագահին անցեալ տարեվերջին Վրաստան կատարած այցը եւ ընդգծած, որ իր խորին համոզումով, լայն հնարաւորութիւններ կան՝ բարձր մակարդակի քաղաքական յարաբերութիւններուն զուգահեռ՝ զարգացնելու տնտեսական յարաբերութիւնները, կեանքի կոչելու հեռանկարային նոր համատեղ ծրագիրներ:
Սերժ Սարգսեան եւ Միխէիլ Ջանելիձէ կարեւորած են նաեւ երկու պետութիւններու կողմէ, իրարու համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող զգայուն հարցերու նկատմամբ, հաւասարակշռուած եւ փոխադարձ շահերու յարգման վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը, միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս հայ-վրացական արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: