altԼ.Ղ.Հ. մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը նա­խա­ձեռ­նէ «­Տա­տիս սնտու­կը» թե­մա­յով ցու­ցա­հան­դէս, ուր պի­տի ցու­ցադ­րուին ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ կամ ան­հատ­նե­րու մօտ նա­խորդ սե­րունդ­նե­րէն պահ­պա­նո­ւած ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­ներ եւ կեն­ցա­

ղա­յին ի­րեր:

Այս մա­սին կը տե­ղե­կացնէ մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը։

Այն ան­ձե­րը, ո­րոնք տան մէջ ու­նին հին ձե­ռա­գոր­ծեր` գորգ, կար­պետ, ան­կող­նա­պարկ, խուր­ջին, ա­սեղ­նա­գործ, ինչ­պէս նաեւ հին խե­ցե­ղէն, փայ­տէ եւ մե­տա­ղէ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ի­րեր, հին տա­րազ կամ տա­րա­զի բա­ղադ­րիչ­ներ, ուս­տի կրնան մաս­նակ­ցիլ վե­րոն­շեալ ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ պի­տի կա­յա­նայ Մա­յիս 18ին` Թան­գա­րան­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին Օ­րին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ:

Աղ­բիւ­րին հա­մա­ձայն` ցու­ցա­հան­դէ­սին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ է մին­չեւ Ապ­րիլ 20 դի­մել Լ.Ղ.Հ. մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րա­րու­թեան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­կան ար­հեստ­նե­րու բա­ժին: