altՀ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան շէն­քի 9րդ յար­կի դահ­լի­ճին մէջ (հաս­ցէ` Վազ­գէն Սարգ­սեան 3) Մարտ 29ին` ժա­մը 14։30ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հուն­գա­րա­հայ հա­մայն­քի կող­մէ վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին պատ­մող «­Մու­սա լե­րան 40 օ­րե­րը» հուն­

գա­րե­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը: Գիր­քը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Հուն­գա­րիոյ Հայ Ազ­գա­յին Ին­քա­վա­րու­թեան ղե­կա­վա­րի տե­ղա­կալ Ա­լեքս Ա­ւա­նե­սեան:

Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան գրա­սե­նեա­կը։ 2015ի Ապ­րի­լին, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս, հուն­գա­րա­հայ հա­մայն­քին կող­մէ վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին պատ­մող Ֆ­րանց Վեր­ֆէ­լի «­Մու­սա Լե­րան 40 օ­րե­րը» հուն­գա­րե­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ գիր­քը:

«­Մու­սա Լե­րան 40 օ­րե­րը» ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­տար­կո­ւած է 1933ին եւ մէկ տա­րի յե­տոյ ար­ժա­նա­ցած է «­Տա­րո­ւան լա­ւա­գոյն վէպ» մի­ջազ­գա­յին մի­ցա­նա­կին: Ա­նի­կա լոյս տե­սած է մօտ մէկ մի­լիոն օ­րի­նա­կով եւ թարգ­մա­նո­ւած 36 լե­զու­նե­րով: Հուն­գա­րիոյ մէջ վէ­պը ա­ռա­ջին ան­գամ թարգ­մա­նո­ւած եւ հրա­տա­րա­կո­ւած է 1945ին, այ­նու­հե­տեւ վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւած` 1957, 1965, 1966, 1973, 1978, 2001 եւ 2015 թո­ւա­կան­նե­րուն: