Հայաստան մշակած է «Զինուած դիմակայութիւնը զսպելու» նոր հայեցակարգ: Այս մասին, Մարտ 21ին, Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, Հ.Հ. Զինուած Ուժերու (Զ.ՈՒ.) ղեկավար կազմի գործնական հաւաքներու մեկնարկի ժամանակ,
իր խօսքին մէջ նշած է է Հ.Հ. նախագահ, Զինուած Ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան:
Նախագահի մամուլի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ անցեալ տարի շփման գիծին վրայ արձանագրուած սրումին, ինչպէս նաեւ իրավիճակին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մերձատարածքին, ինչպէս Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ: «Տարեվերջին Հ.Հ. Զինուած Ուժերը ստացան որակապէս նոր սպառազինութիւն եւ հետագայ մատակարարման երաշխիքներ:
Էլ աւելի կարեւոր է, որ մշակել էք ձեր օգտագործած եզրոյթով` «Զինուած դիմակայութիւնը զսպելու» նոր հայեցակարգ: Կարծում եմ` օգտակար կը լինի օպերատիւ հաւաքի ընթացքում ներկայացնել պաշտպանութեան նախարարութեան մօտեցումները տարածաշրջանում ռազմաքաղաքական իրավիճակի եւ երկրի անվտանգութեան ապահովմանն ուղղուած գործառոյթների կատարման նկատմամբ»,- ըսած է նախագահը եւ շարք մը այլ առաջարկութիւններ ներկայացուցած ու համապատասխան ցուցումներ տուած է գործնական հաւաքներու մասնակիցներուն:
Հանրապետութեան նախագահը ներկաներուն մաղթած է արգասաբեր աշխատանք ու աշխոյժ մասնակցութիւն գործնական հաւաքներուն եւ պատասխանած է հաւաքի մասնակիցներուն հետաքրքրող բազմաբնոյթ հարցերուն, որոնք վերաբերած են Լ.Ղ. հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի ներկայ փուլի վիճակին, սահմանամերձ բնակավայրերու խնդիրներուն, դաշնակից պետութիւններու հետ համագործակցութեան ընթացիկ հարցերուն, ազատամարտիկներու, վեթերաններու եւ զինծառայողներու ընկերային պայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ նախատեսուող ծրագիրներուն եւ այլն: