10 ­Մար­տին, ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին եւ ­Թեհ­րա­նի ժա­մա­նա­կա­կից ա­րո­ւեստ­նե­րու թան­գա­րա­նին մի­ջեւ, ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ յու­շա­գիր, որ կ­՛են­թադ­րէ յա­ռա­ջի­կա­յին հայ եւ ի­րան­ցի նկա­րիչ­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պում: «­Սա մեզ հա­մար կա­րե­ւոր փաս­տա­թուղթ է, ո­րը սկիզբն է Ի­րա­նի խո­շո­րա­գոյն թան­գա­րան­նե­րից մէ­կի հետ աշ­խա­տան­քի: ­Թան­գա­րա­նը բա­ւա­կա­նին լուրջ հա­ւա­քա­ծու ու­նի՝ ի­րա­նա­կան ա­րո­ւես­տից մին­չեւ Եւ­րո­պա­յի լա­ւա­գոյն նկա­րիչ­նե­րի

աշ­խա­տանք­ներ»,- յայտ­նած է ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Պատ­կե­րաս­րա­հի տնօ­րէն Ար­ման ­Ծա­տու­րեան:

Թեհ­րա­նի ժա­մա­նա­կա­կից ա­րո­ւեստ­նե­րու թան­գա­րա­նի տնօ­րէն ­Մա­ճիտ ­Մոլ­լա ­Նո­րու­զի նկա­տել տո­ւած է, որ պատ­կե­րաս­րա­հի հետ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նոյ­նիսկ ու­շա­ցած է.- «­Հա­յե­րը եւ ի­րան­ցի­նե­րը պէտք է ծա­նօ­թա­նան ի­րենց մշա­կոյ­թի գլուխ-գոր­ծոց­նե­րուն: ­Յոյ­սով եմ, որ յա­ռա­ջի­կա­յին հայ նկա­րիչ­նե­րու գոր­ծե­րը կը ցու­ցադ­րո­ւին Ի­րա­նի մէջ»:

Ն­շենք, որ 11 ­Մար­տին Ազ­գա­յին ­Պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ բա­ցու­մը պի­տի կա­տա­րո­ւի «Ի­րա­նա­կան ա­րո­ւեստ» խո­րա­գի­րով ցու­ցա­հան­դէ­սին, ո­րու ծի­րին մէջ պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին Ի­րա­նի ժա­մա­նա­կա­կից նկա­րիչ­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը: «Ազ­գա­յին ­Պատ­կե­րաս­րա­հը աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն պատ­կե­րաս­րահ­նե­րէն է, եւ ու­րախ ենք այս­տեղ ներ­կա­յաց­նե­լու ի­րան­ցի ման­րան­կա­րիչ­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:

Ա­րո­ւես­տը եւ մշա­կոյ­թը իւ­րա­քան­չիւր ժո­ղո­վուր­դի հա­յե­լին են, եւ այ­ցե­լու­նե­րը հե­տաքրք­րա­կան նմոյշ­ներ պի­տի տես­նեն: ­Մենք կը հպար­տա­նանք ա­նոնց­մով: Ի­րա­նա­կան ման­րան­կար­չու­թիւ­նը բա­ւա­կան մեծ համ­բաւ կը վա­յե­լէ, ա­նոր մի­ջո­ցով կա­րե­լի է նաեւ ծա­նօ­թա­նալ ի­րա­նա­կան մշա­կոյ­թին ու գրա­կա­նու­թեան»,- յայտ­նած է ­Նո­րու­զի: