Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութեամբ գտնուած է Կիպրոս: Կիպրոսի նախագահին նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է նախագահներ Նիքոս Անասթասիատեսի եւ Սերժ Սարգսեանի առանձ
նազրոյցը, որու աւարտին տեղի ունեցած են երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները:
Անոնց իբրեւ արդիւնք ստորագրուած են տարբեր ոլորտներու մէջ հայ-կիպրական համագործակցութեան զարգացման ու խորացման վերաբերող փաստաթուղթեր, մասնաւորաբար` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ 2016-2018ի համագործակցութեան ծրագիրը, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ կրթութեան եւ գիտութեան 2016-2020ի համագործակցութեան մասին գործնական ծրագիրը, Հայաստանի կառավարութեան եւ Կիպրոսի կառավարութեան միջեւ երկու երկիրներու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսումը սկսելու եւ շարունակելու նպատակով բարձրագոյն ուսումնական որակաւորումներու փոխադարձ ճանաչման համաձայնագիրը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 Մարտին Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ ներկայ գտնուած է այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան բացօթեայ թանգարանին մէջ տեղի ունեցած հայ-կիպրական բարեկամութիւնը խորհրդանշող խաչքարի բացման արարողութեան: Ջուղայի ոչնչացուած 1598 թուակիր խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակը եղող խաչքարը Հայաստանի նախագահը հայ ժողովուրդին անունով նուիրած է կիպրական կողմին:
Նիքոս Անասթասիատես ըսած է, որ խաչքարը կը ցոլացնէ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն, երկու բարեկամ պետութիւններուն՝ Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ անքակտելի կապը: «Մեր ժողովուրդները, որոնք զոհ գացած են նոյն յանցագործութիւններուն, պայքարած են ու կը պայքարին միջազգային մակարդակի վրայ՝ յանուն իրենց իրաւունքներու եւ արժէքներու պահպանման: Կիպրոսը եւրոպական առաջին երկիրներէն է, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտած այդ ոճրագործութիւնը:
Մեր երկիրներն ու ժողովուրդները հաւատարիմ են միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, որոնց կարգին՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին, խաղաղութեամբ հարցերու լուծման, եւ իրենց ապագան կ՛որոշեն յարգանքով վերաբերելով մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ»,- յայտնած է նախագահը։ Ան դիտել տուած է, որ հայ ժողովուրդի այն զաւակները, որոնք հարիւր տարի առաջ Ցեղասպանութենէն ճողոպրելով հաստատուած են Կիպրոս, այսօր Կիպրոսի հասարակութեան աշխոյժ եւ շատ կարեւոր մասնիկը կը հանդիսանան:
Հայաստանի նախագահը իր խօսքին մէջ տեղեկացուցած է, որ հայ ժողովուրդի հոգեւոր արժէքներուն եւ քրիստոնէական ոգիին խորհրդանիշ դարձած արուեստի այս գլուխ գործոցը ԵՈՒՆԵՍՔՕի մարդկութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան մաս կը կազմէ:
«Պատմութեան ընթացքում արարուած իւրաքանչիւր խաչքար խօսում է առանց բառերի, պատմում՝ մեր պատմութեան փառապանծ էջերի ու ձախողումների մասին, վերելքների ու անկումների մասին: Դրանց շարքերում կան այնպիսիք, որ ցայսօր կանգուն են մայրենի հողում՝ որպէս հայոց պետականութեան դարաւոր վկաներ, կան այնպիսիք, որ սփռուած են աշխարհի տարբեր երկրներում՝ կրելով մեր ազգի յիշողութիւնը:
Կան եւ այնպիսիք, որ մարտնչել են զինուորների պէս, ինչպէս աւերումից փրկուած արցախեան խաչքարերը: Եղել են, ցաւօք, եւ այնպիսիք, որոնք ոչնչացուել են բարբարոսաբար, ինչպիսիք են Ադրբեջանի կողմից Ջուղայում ոչնչացուած 3000 խաչքարերը: Այստեղ տեղադրուած այս հիասքանչ նմոյշը կրկնօրինակն է ոչնչացուած այդ խաչքարերից մէկի, որը թուագրւում է 16րդ դարին»,- հաստատած է Սերժ Սարգսեան: