altԵր­կու­շաբ­թի, Մարտ 14էն սկսեալ, ­Պել­ճի­քա­յի Ֆ­լանտ­րիա­յի շրջա­նի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­ներ ­Քա­րիմ ֆան Օ­ֆըր­մէյ­րէ, Ո­ւարտ ­Քեն­նես, ­Մարք ­Հենտ­րիքս եւ ­Քարլ ֆան­լոու­վը (նաեւ՝ ­Պել­ճի­քա­յի ­Սե­նա­տի ա­ռա­ջին փոխ նա­խա­գահ) կը գտնո­ւին Ար­ցախ, ուր ու­նե­ցան եւ

կ’ու­նե­նան զա­նա­զան հան­դի­պում­նե­ր Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան, կրօ­նա­կան եւ կրթա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ:

­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը ղե­կա­վա­րէ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեան: ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մեն նաեւ Ֆ­լանտ­րիա­յի Աալսթ քա­ղա­քի դպրոց­նե­րէն պատ­մու­թեան եւ հո­լան­տե­րէ­նի լե­զո­ւի եր­կու ու­սուց­չու­հի­ներ, ինչ­պէս նաեւ «­Քո­լեճ օֆ Եու­րոփ»ի փրո­ֆե­սէօր՝ ­Փօլ ­Մէյրց: ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը կը հա­մադ­րէ ­Հե­ղի­նէ Է­վինեան՝ Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի գրա­սե­նեա­կի Եւ­րո­միու­թեան հար­ցե­րով պա­տաս­խա­նա­տուն. ­Պել­ճի­քա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բէն կը մաս­նակ­ցին Աշ­խեն ­Ֆիք­սո­վա եւ Ա­տա­նա ­Քո­թանջեան: ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կ’ըն­կե­րակ­ցի Հ.Հ. Ա.Ժ. ան­դամ՝ ­Թե­ւան ­Պօ­ղո­սեա­նը:

­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լեց Ս­տե­փա­նա­կեր­տի յու­շա­հա­մա­լիր եւ ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղեց զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: Ա­պա՝ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը բաժ­նո­ւե­ցաւ եր­կու մա­սի, ու­սուց­չու­հի­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի դպրոց­ներ, ուր հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան ա­շա­կեր­տու­թեան հետ:
Լ.Ղ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի սրա­հին մէջ օ­րէնս­դիր, գոր­ծա­դիր եւ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ լայն հան­դի­պում մը, ո­րուն ըն­թաց­քին Ա. ­Ղու­լեան կա­րե­ւո­րեց Ֆ­լանտ­րիա­յի ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ուղ­ղո­ւած հե­տե­ւո­ղա­կան պայ­քա­րը, որ ի տար­բե­րու­թիւն ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սին, կ’ար­տա­յայ­տո­ւի քա­ղա­քա­կիրթ երկ­խօ­սու­թեան մի­ջո­ցով:

­Քարլ ֆան­լոու­վը անդ­րա­դառ­նա­լով Ֆ­լանտ­րիա­յի եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման հա­մար պայ­քա­րին, ը­սաւ «չեմ կրնար հա­մե­մա­տել ինք­նու­թեան հա­մար Ֆ­լանտ­րիա­յի խա­ղաղ պայ­քա­րը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ ստեղ­ծո­ւած բարդ ի­րա­վի­ճա­կին հետ: Դ­ժո­ւար է պատ­կե­րաց­նել, որ նման հան­դի­պում մը շուրջ ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ կա­րե­լի չէր կազ­մա­կեր­պել այն պատ­ճա­ռով միայն, որ հոս պա­տե­րազմ էր»: ­Պելճի­քա­յի ­Սե­նա­տի ա­ռա­ջին փոխ նա­խա­գա­հը կա­րե­ւո­րեց նաեւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ինք­նու­թեան ար­ժէք­նե­րու՝ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ու­նե­ցած նշա­նա­կու­թիւ­նը:

Իր կար­գին, ­Քա­րիմ ֆան Օ­ֆըր­մէյ­րէ նշեց, որ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը կը խորհր­դան­շէ այն հա­մակ­րան­քը, որ ի­րենք ու­նին Ար­ցա­խի՝ ե­րի­տա­սարդ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հան­դէպ: «Ար­ցա­խը ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նի ամ­րոցն է, այլ նաեւ՝ Եւ­րո­պա­յի» ը­սաւ ան: Ո­ւարտ ­Քեն­նե­սի խօս­քե­րով՝ Ար­ցա­խը քրի­ստո­նեայ աշ­խար­հի մէկ մասն է, ո­րուն ան եւս կը պատ­կա­նի: Իսկ ­Մարք ­Հենտ­րիքս, Ֆ­լանտ­րիա­յի ­Մե­խե­լեն քա­ղա­քի փոխ-­քա­ղա­քա­պետ, նշեց ­Մե­խե­լե­նի հայ հա­մայն­քին ու­նե­ցած դե­րը եւ հնա­րա­ւոր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:

Ար­ծար­ծո­ւած են նաեւ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րու մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:
Ա­ւե­լի ուշ այ­սօր, պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը պի­տի հան­դի­պի Ար­ցա­խի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կո ­Սա­հակ­յա­նի եւ Ար­ցա­խի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Պար­գեւ ար­քե­պիս­կո­պոս ­Մար­տի­րոս­եա­նի հետ: