altՅու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րաս, ­Մաք­սի­մո­սի պա­լա­տէն ներս, ըն­դու­նեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգսեա­նը։ Ող­ջու­նե­լով Հ.Հ. նա­խա­գա­հի ներ­կա­յու­թիւ­նը, Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րաս կա­րե­ւո­րեց եր­կու եր­կիր­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը եւ

ընդգ­ծեց, որ նոր սկիզբ մը վե­րա­պա­հո­ւած է ա­նոնց։

Ան նշեց, թէ հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը տե­ւա­կան են՝ շեշ­տե­լով, թէ ա­նոնք լաւ գի­տեն գաղ­թա­կա­նու­թեան հար­ցը, ի­րենց պատ­մու­թեան մէջ ճա­շա­կած ցե­ղաս­պա­նու­թեան, բռնի տե­ղա­հա­նու­թեան եւ ազ­գա­յին մաք­րազտ­ման հա­լա­ծանք­նե­րուն պատ­ճա­ռով։

«­Մեր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կանգ­նած են հսկա­յա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու ըն­դա­ռաջ, գլու­խը բարձր պա­հե­լով եւ պաշտ­պա­նե­լով հա­մա­մար­դա­կա­յին ար­ժէք­նե­րը»,- ը­սած է ան։ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տը յոյս յայտ­նած է, թէ կը յար­գո­ւի ­Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դա­րի ո­րո­շու­մը, որ տե­ղա­հանուածներու մարդ­կա­յին հոս­քե­րը կա­սեց­նե­լու միակ մի­ջոցն է։

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց բա­րե­կամ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ գտնո­ւե­լուն հա­մար։ Ան վստա­հու­թիւն ար­տա­յայ­տած է, թէ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի յա­ջո­ղի տնտե­սա­կան եւ փախս­տա­կան­նե­րու խնդիր­նե­րու լուծ­ման ճիշդ ու­ղի­ներ գտնել։ Հ.Հ. նա­խա­գա­հը ը­սաւ, թէ հայ-յոյն երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր է զար­գաց­նել ու խո­րաց­նել բազ­մա­մա­կար­դակ կա­պե­րը, շա­րու­նա­կա­կան աշ­խու­ժու­թիւն հե­տապն­դե­լով։ Ան ընդգ­ծեց, թէ հա­զա­րա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին եր­կու ազ­գե­րը նոյն ճա­նա­պար­հով ուղ­ղո­ւած են։

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահն ու ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տը կա­րե­ւո­րեցին փոխ-շա­հա­ւէտ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խո­րաց­նե­լու ու խրա­խու­սե­լու գոր­ծըն­թա­ցը, յատ­կա­պէս նշե­լով գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, մշա­կոյ­թի, կրթու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան մար­զե­րը, մա­նա­ւանդ փո­խա­դար­ձա­բար խրա­խու­սե­լու ներդրում­ներն ու գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րու շփում­նե­րը։

­Վար­չա­պետ ­Ցիփ­րաս հե­ռանկա­րա­յին նկա­տած է Ի­րան-­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան ե­ռա­կողմ փոխ-գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը, նկա­տի առ­նե­լով Ի­րա­նի հետ ­Հա­յաս­տա­նի ջերմ ու բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ան նշած է թէ նման ե­ռա­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան լաւ փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նի ­Յու­նաս­տա­նը՝ նշե­լով ­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս-Իս­րա­յէլ եւ ­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս-Ե­գիպ­տոս ձե­ւա­չա­փե­րը, ո­րոնք ար­դիւ­նա­ւէտ կը գոր­ծեն, ըստ իր գնա­հա­տու­մին։

Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րաս, ներ­կա­յացնե­լով ­Յու­նաս­տա­նի դիր­քո­րո­շու­մը մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ ե­ղած խնդիր­նե­րու լուծ­ման վե­րա­բե­րեալ, ընդգծեց, որ ա­նոնք պէտք է կար­գա­ւո­րո­ւին խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի սկզբունք­նե­րու հի­ման վրայ: Ան ընդգծեց, որ ­Յու­նաս­տան կը սա­տա­րէ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ բա­նակ­ցա­յին ճա­նա­պար­հով լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին՝ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինքսի Խմ­բակի շրջա­նակ­նե­րու ծի­րէն ներս։

­Հան­դի­պու­մը շա­րու­նա­կո­ւեցաւ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րու ընդ­լայ­նո­ւած խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րով եւ երկ­կողմ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ու յայ­տա­րարագ­րե­րու ստո­րագ­րու­թեամբ։