10 Մարտին, Մոսկուայի մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, հաստատուած է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կարելի է կոչել ռազմավարական գործըն
կերութիւն: Նախագահները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր, անդրադարձ կատարուած է նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկման հոլովոյթներու զարգացման հեռանկարին, միտքեր փոխանակուած են միջազգային եւ շրջանային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան ու Վլատիմիր Փութին քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթի ներկայ փուլին, առկայ խնդիրներուն եւ այդ հոլովոյթը յառաջ մղելու կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, որ կարիք չկայ բնութագրելու երկկողմ միջ-պետական յարաբերութիւնները, որոնք իսկապէս ռազմավարական գործընկերային յարաբերութիւններ են, եւ որոնք կը զարգանան յաջող կերպով:
«Դուք այս տարի կը ղեկավարէք Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութիւնը (Հ.Ա.Պ.Կ.), եւ մեծ յոյս ունիմ, որ կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ ձեզի հետ` իբրեւ այդ միջազգային կազմակերպութեան նախագահողի... Ձեր գործընկերը այժմ կը գլխաւորէ մեր յառաջատար համարկման տնտեսական միաւորումը` Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը: Այդ իսկ պատճառով, մենք շատ խօսելիք ունինք»,- եզրափակած է Ռուսիոյ նախագահը: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է.- «Ուրախ եմ հանդիպումին համար եւ հարիւր տոկոսով համաձայն եմ ձեզի հետ, որ մեր յարաբերութիւնները շատ լաւ կը զարգանան:
Ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ զինուորական-արհեստագիտական, ե՛ւ մարդասիրական մարզերու մէջ մենք լիակատար փոխըմբռնում ունինք, ու այդ յարաբերութիւնները շատ լաւ կը զարգանան: «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի` բոլոր այն պայմանաւորուածութիւններու իրականացման համար, որոնք մենք ձեռք բերած ենք մեր նախկին հանդիպումներու ընթացքին: Ըլլալով Հ.Ա.Պ.Կ.ի մէջ նախագահող, մեզի վստահաբար կը մտահոգէ Հ.Ա.Պ.Կ.ի պատասխանատուութեան գօտիին յարակից շրջաններուն մէջ լարուած իրավիճակը:
Մենք հաստատապէս կ՛աջակցինք Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ դիրքորոշումին եւ կ՛ողջունենք այն պայմանաւորուածութիւնը, որ դուք ձեռք բերած էք զինուորական գործողութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու հետ: Ատիկա կրնայ այդ հարցի քաղաքական լուծման բանալին դառնալ: «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անձամբ ձեզի այն ջանքերուն համար, զորս կը գործադրէ Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ: Մենք հաւատարիմ կը մնանք այդ տագնապի խաղաղ լուծման»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան: