Երկօրեայ պաշտօնական հրաւէրով Երկուշաբթի՝ 14 եւ Երեքշաբթի՝ 15 Մարտին, Աթէնք այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հ.Հ. նախագահի գլխաւորած բարձրապաշտօն պատուիրակութիւ
նը կը բաղկանայ նախագահին ուղեկցող Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալբանդեանէ, Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանէ, Հ.Հ. կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանէ, Հ.Հ. մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանէ եւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանէ։
Հ.Հ. նախագահի պաշտօնական արարողակարգը սկսաւ Սինտաղմայի հրապարակին վրայ Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ ծաղկեպսակի զետեղումով։ Ապա պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր ընդունուեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի կողմէ։ Յաջորդեց երկու նախագահներուն միջեւ առանձնազրոյց։
Ողջունելով Հայաստանի նախագահի այցելութիւնը, Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս խօսեցաւ ահաբեկչութեան դէմ համակարգուած ձեւով պայքարելու անհրաժեշտութեան մասին ու շեշտեց Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմի անմիջական դադրեցումը։ Եւրոպական Միութեան գագաթնաժողովին ընդառաջ, Յունաստանի նախագահը, պատգամ ղրկեց եւրոպացի գործընկերներուն, նշելով, թէ անոնք պարտին պաշտպանել եւրոպական համակարգը եւ թոյլ չտալ, որպէսզի վախի զգացումով առաջնորդուող ուժերը՝ քայքայեն եւրոպական մշակոյթն ու սկզբունքները։ Քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ճգնաժամի եւ այդ հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական աղէտի ու փախստականներու համաեւրոպական հոսքերու հարցը, որ Յունաստանի համար լուրջ ու ամէնօրեայ մարտահրաւէր դարձած է, երկրէն ներս ապաստան գտած հազարաւոր փախստականներու ապրած դժուար իրավիճակով։ Դիմելով Հայաստանի նախագահին, Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց, նշելով որ Հայաստան՝ Սուրիահայ ընտանիքներու բաւարար թիւ մը ընդունելու կարեւոր պատասխանատուութիւնը ստանձնած է։
Անդրադառնալով Հայոց եւ Պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան, Յունաստանի նախագահը շեշտեց, թէ «երբեք կարելի չէ մոռնալ պատմական իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած վրէժխնդրական զգացումներէ չի բխիր, այլ մարդկութեան դէմ նման յանցագործութիւններու առաջքը առնելու նպատակներէ»։
Երկու նախագահները քննարկեցին միջպետական յարաբերութիւններու հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմ ու բազմակողմ` միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս համագործակցութեան, փոխ շահաւէտ կարեւոր մարզերու մէջ հայ-յունական գործակցութեան զարգացման, միջ- խորհրդարանական կապերու, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերող հարցեր: Նախագահները խօսեցան նաեւ միջազգային օրակարգի հարցերու շուրջ, ներկայացնելով երկու երկիրներու մօտեցումները։
Յաջորդեց պաշտօնական ճաշ, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ, ի պատիւ Հայաստանի նախագահին։ Ճաշի ժամուն, երկու երկիրներու նախագահները հանդէս եկան փոխադարձ բաժակաճառերով` անդրադառնալով բարձր մակարդակի հայ-յունական միջպետական յարաբերութիւններուն, անոնց առաւել սերտացման ու փոխ շահաւէտ բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան զարգացման ներուժին։ Շեշտուեցաւ ընդհանուր պատմութեամբ եւ աւանդութիւններով փոխ կապակցուած, երկու հնագոյն քաղաքակրթութիւններ ներկայացնող հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը, ու այդ բարեկամութեան ամրապնդման մէջ զգալի դերակատարութիւն ունեցող Յունաստանի հայ համայնքի ներկայութիւնը:
Հայաստանի նախագահի խօսքը
«Բարեկամ յոյն ժողովրդի հիւրընկալութեան մասին վկայութիւնները յիշատակւում են դեռ եւս Մեծն Հոմերոսի «Ոդիսական»ում, այդուհանդերձ, յունական «Քսենիան» մեզ՝ հայերիս, քաջածանօթ է, ոչ միայն գրականութենէն: Անծանօթին անօգնական չթողնելու պատգամին հաւատարիմ՝ հարիւր տարի առաջ յոյն ժողովուրդը ապաստան տուաւ հայրենազրկուած եւ անօթեւան մնացած հազարաւոր հայերու: Եւ այսօր հպարտութեամբ նշում եմ, որ արմատներ ձգելով Յունաստանի մէջ՝ հայ համայնքը ամրացաւ ու ծաղկեցաւ՝ իր ստեղծագործ ներդրումը բերելով Յունաստանի շէնացման, ու նպաստելով հայ-յունական միջ-պետական համագործակցութեան ամրապնդման:
Հիւրերու նկատմամբ նման վերաբերմունք անչափ հարազատ է մեզ` հայերիս, սակայն, հիւրասիրութեան այս դրսեւորումը մեր ժողովուրդներին կապող միակ ընդհանրութիւնը չէ: Հայերն ու յոյները աւելին են, քան բարեկամներ: Նրանք միմեանց փոխ-կապակցուած են ընդհանուր պատմութեամբ եւ աւանդոյթներով:
Ներկայացնելով երկու հնագոյն քաղաքակրթութիւն՝ հայ եւ յոյն ժողովուրդները արարել են կողք կողքի՝ իրենց հետքը թողնելով համաշխարհային պատմութեան էջերում: Պայքարել են կողք կողքի՝ վաստակելով գոյատեւելու իրաւունքը: Այսօր էլ, որպէս համանման արժէքների ու բարոյականութեան կրողներ, հանդէս են գալիս կողք կողքի՝ վաստակելով յարատեւելու ու բարգաւաճելու իրաւունքը: Այդ ժառանգութեան հիման վրայ ենք այսօր շարունակում ամրապնդել հայ-յունական բարեկամութիւնը, որն արդէն 24 տարի է, ինչ միջ-պետական բնոյթ է կրում:
Այսօր մենք ունենք յագեցած երկկողմ օրակարգ՝ քաղաքական գործուն երկխօսութիւնից մինչեւ համագործակցութիւն կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներում:
Սերտօրէն փոխ-գործակցում ենք ռազմական ոլորտում: Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններում Յունաստանը մեր կարեւորագոյն գործընկերներից է: Պարբերական դարձած բարձրաստիճան փոխ այցելութիւնները հնարաւորութիւն են տալիս ուրուագծել համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ: Ասածիս վառ վկայութիւնն իմ այս այցն է, որի հիմնական նպատակն է նոր մակարդակի բարձրացնել մեր տնտեսական համագործակցութիւնը՝ հիմնուելով առկայ ներուժի վրայ»,-ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ առաջարկած է բաժակ բարձրացնել յանուն հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր պատմութեան, յանուն ներկայ բարեկամութեան եւ ապագայ սերունդների յարատեւ համակեցութեան:
Յունաստանի նախագահի խօսքը
Ողջունելով Հ.Հ. նախագահին եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը, Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս իր կարգին, ընդգծած է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնական այցելութիւնը Յունաստան, անգամ մը եւս ցոյց կուտայ, բոլոր մարզերուն մէջ՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան բարձր մակարդակը եւ բացառիկ կարեւորութիւնը: Նշելով, որ հայերը եւ յոյները իրարու հետ կապուած են ամուր պատմական, բարեկամական կապերով, նախագահ Փաւլոփուլոս շեշտած է, որ այսօրուայ միջ-պետական յարաբերութիւններու հիմք դարձած այդ պատմական կապերը ամրապնդուած են դարերու ընթացքին` դժուար պայմաններու մէջ.- «20րդ դարու սկիզբին, երկու ժողովուրդները միեւնոյն պատճառով տառապալից պահեր ապրած են, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը` թէ՛ հայ ժողովուրդի, թէ՛ Պոնտոսի յոյներու, թէ՛ Փոքր Ասիոյ յոյներուն նկատմամբ տեղի ունեցածը:
Մենք չենք մոռնար 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հպարտ ենք, որ Յունաստան այն քիչ երկիրներէն էր, որ օթեւան տուաւ տարագիր հայերուն, նաեւ Յունաստան առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցաւ հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, իսկ միւս կողմէ` Հայաստանի խորհրդարանը ճանչցաւ պոնտոսցիներուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը: Պէտք է յիշենք, պարո՛ն նախագահ, որ պատմական յիշողութիւնը կարեւոր է մարդկութեան հաւաքական գիտակցութեան համար, կարեւոր է նաեւ մարդկութեան ապագայի տեսանկիւնէ: Յատկապէս ներկայիս ճգնաժամային պայմաններու մէջ, երբ սեւ, մութ ամպեր հաւաքուած են համաշխարհային հորիզոնին վրայ, պէտք է յիշենք անցեալը, ոչ թէ որպէս ատելութիւն սերմանելու միջոց, այլ որպէսզի կարողանանք ապագային խուսափիլ նման ողբերգութիւններէ»,- ըսած է Յունաստանի նախագահը, որու տեսակէտը բաժնելով, Հ.Հ. նախագահը ընդգծած է, որ ցեղասպանութիւնը յիշելն ու դատապարտելը հետագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նպատակին կը ծառայէ, եւ կը փաստէ, թէ մեր թշնամիները չի յաջողեցան իրականացնել ամբողջ ժողովուրդ մը ոչնչացնելու իրենց ծրագիրը:
Յունաստանի նախագահը խօսած է նաեւ զարգացման լայն հնարաւորութիւններ եւ հեռանկար ունեցող հայ - յունական երկկողմ կապերու մասին, որոնք, ըստ իր համոզումին՝ աւելի պիտի ամրապնդուին Հ.Հ. նախագահի պաշտօնական այցելութեամբ։
Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, իր խօսքին մէջ, անդրադարձած է Յունաստանի արտաքին քաղաքականութեան շարք մը կարեւորագոյն հարցերու` Յունաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Կիպրական հարցին, տարածաշրջանի մարտահրաւէրներուն, փախստականներու խնդրի վերաբերեալ Յունաստանի դիրքորոշումներուն:
Այդ ծիրէն ներս ան ներկայացուցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Յունաստանի դիրքորոշումը, նշելով, որ Յունաստան իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը հետապնդէ միջազգայնօրէն ընդունուած օրէնքներու հիման վրայ բոլոր հարցերու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքը եւ, անշուշտ, նոյն տեսակէտին է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած: Նախագահ Փաւլոփուլոս ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափը այդ հիմնախնդրի լուծման ամենայարմար հարթակն է: Յունաստանի նախագահը ըսած է, որ իր երկիրը կը կարեւորէ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի անվտանգութիւնը, խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը նաեւ տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման տեսանկիւնէ:
«Վստահ եմ, պարո՛ն նախագահ, որ նկատի ունենալով այս մարտահրաւէրները, բոլորս մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի դիմագրաւենք այս ճգնաժամերը:
Կ’ուզեմ բաժակ բարձրացնել ու խմել անձամբ ձեր եւ բարեկամ հայ ժողովուրդի կենացը` մաղթելով ազգային իղձերու եւ նպատակներու իրականացում, առաջընթաց բոլոր բնագաւառներուն մէջ» ըսած է Յունաստանի նախագահը։
«Հայաստան. Արարատի ոգին» խորագրով ցուցահանդէսի բացում
Երէկ երեկոյեան ժամը 7ին, Աթէնքի Բիւզանդական եւ Քրիստոնէական թանգարանէն ներս, բացումը տեղի ունեցաւ «Հայաստան.Արարատի ոգին» խորագրով ցուցահանդէսին, Յունաստանի եւ Հայաստանի նախագահներու ներկայութեան։ Խօսքերով հանդէս եկան Յունաստանի մշակոյթի նախարար Արիսթիտիս Պալթաս եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը։ «Հայաստան. Արարատի ոգին Պրոնզէ դարէն մինչեւ 20րդ դար» խորագրով ցուցահանդէսը, տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանութեան համագործակցութեամբ։
Աթէնքի Բիւզանդական թանգարանը, իր շէնքի գետնայարկն ու երկրորդ յարկի սրահները յատկացուցած է Հայաստանի հնագիտական եւ մշակութային գանձերով պատմական այս ցուցահանդէսին, ուր տեղ գտած են Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի 104 գանձեր, որ ի յայտ կը բերեն հայկական մշակոյթի առընչութիւնները հելլէնիստական եւ բիւզանդական մշակոյթին հետ։ Ցուցահանդէսին ներառնուած են Ք.ա. 2րդ հազարամեակէն մինչեւ 20րդ դարու սկիզբը հասնող տարբեր գանձեր, որ կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ մշակութային եղեռնը։ Ներկայացուած իրերը, եզակի գանձեր են՝ պեղուած բացառապէս Հայաստանի ներկայ տարածքէն, ճարտարապետութեան ու քանդակագործութեան բարձրարժէք գեղարուեստական նմուշներ, երկրպագութեան եւ ծէսի եզակի իրեր։ Ցուցահանդէսը բաղկացած է երեք մասերէ՝ «Հայկական քաղաքակրթութեան հմայքն ու ուժը», «Հայաստանը փոփոխուող աշխարհի մէջ», «Կոչեմ ապրողաց» (Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առթիւ)։ Յունաստանի եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարները ընդգծած են բնագաւառի զարգացման առկայ մարտահրաւէրները, խօսած են մշակութային արժէքներու պահպանութեան մասին, երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային համագործակցութեան եւ փոխանակութիւններու զարգացման մասին։ Անոնք կարեւորութեամբ անդրադարձած են հայ-յունական բազմադարեայ պատմամշակութային անցեալին ու ջերմ յարաբերութիւններուն, որոնք նոր լիցք կը ստանան նման եզակի նախաձեռնութիւններով։
Հանդիպում՝ հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ
Ուշ երեկոյեան, Աթէնքի «Ինթերքոնթինենթալ» պանդոկէն ներս, ճաշկերոյթ տեղի ունեցաւ, Յունաստանի հայ համայնքի կառոյցներու անդամներու ներկայութեան։ Հ.Հ. նախագահի կողքին տեղ գրաւած էր Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն, Յունահայոց Ազգային Վարչութիւնը եւ միութենական ու գաղութային կեանքի ներկայացուցիչներ։ Բարի գալուստի խօսք ուղղեց Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի այցելութեան առիթներուն։ Խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան, կարեւորելով Սփիւռքի դերակատարութիւնը Հայրենիքի հզօրացման գործին մէջ, ապա խօսելով Հայաստանը զբաղեցնող քաղաքական, ընկերային եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։ Հ. Հ. նախագահի յայտագիրը կը շարունակուի այսօր, Երեքշաբթի՝ 15 Մարտի առաւօտեան ժամը 9ին, Նէա Զմիռնիի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակի զետեղումով, ապա Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի հետ հանդիպումով, որուն պիտի յաջորդեն պատուիրակութեան ընդլայնուած խորհրդակցութիւնները եւ երկկողմ համաձայնագիրներու ստորագրութիւններ։