Այցելուներուն առջեւ 9 Մարտին իր դռները բացաւ Արցախեան Ազատամարտի հերոս Վարդան Ստեփանեանի (Դուշման Վարդան) վերանորոգուած Տուն-Թանգարանը, որու բացման արարողութեան մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ
Սարգսեան, որ հերոսին մօր, քրոջ եւ եղբօր ընկերակցութեամբ շրջագայած է թանգարանին մէջ, ծանօթացած՝ ցուցադրուած անձնական իրերուն, այն գիրքերուն, զորս կը սիրէր կարդալ, նկարներուն եւ ձեռագործ աշխատանքներուն:
Հոն կան նաեւ Դուշման Վարդանի ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան սենեակը, գրադարանը, այն սենեակները, ուր իր կեանքի 26 տարիները անցուցած է ազատամարտիկը: Նախագահը նաեւ Դուշման Վարդանի Տուն-Թանգարանի յուշամատեանին մէջ գրած է հետեւեալը.- «Վարդան Ստեփանեանը գիտակից ու հեռատես մտաւորականի, հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուած կամաւորականի իսկական օրինակ է: Իր կարգապահութեամբ ու խիզախութեամբ՝ ան օրինակ էր իր զինակից ընկերներուն համար:
Անոր անցած մարտական ուղին փառաւոր է, ինչպէս ուղին մեր ամբողջ բանակին, որուն կազմաւորման ակունքներուն նաեւ Դուշման Վարդանն էր ու անոր նմանները: Անոր յիշատակը յաւերժացնելու կոչուած Տուն-Թանգարանը, համոզուած եմ, որ պիտի ծառայէ շնորհակալ գործի, որպէսզի Վարդան Ստեփանեանի օրինակը դառնայ վարակիչ եւ ուսանելի գալիք սերունդներուն համար»: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Դուշման Վարդանի մայրը` Զարուհի Շամեան յայտնած է, որ տուն-թանգարանը արդէն կը գործէ 24 տարիէ ի վեր: