altՄես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան Մա­տե­նա­դա­րա­նին ար­խի­ւը հա­մալ­րո­ւած է ար­ժէ­քա­ւոր փաս­տա­թուղ­թե­րով, մաս­նա­ւո­րա­բար` Ֆ­րան­սա­յէն ու­ղար­կո­ւած են Վա­նի առն­չո­ւող փաս­տա­թուղ­թեր եւ ի­րեր:

«Ա­ռա­ւօտ»ի թղթա­կից Լո­ւի­զա Սու­քիա­սեա­նի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, այս մա­սին յայտ­նած է Մա­տե­նա­դա­րա­նի ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րու պահ­պան­ման եւ գի­տա­կան մշակ­ման բա­ժի­նի վա­րիչ Ա­րա Խզ­մա­լեան: «­Փաս­տա­թուղ­թե­րը առն­չու­թիւն ու­նին անձ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րու հետ, ա­նոնք նաեւ գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­ներ եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գոր­ծեր են, ո­րոնք պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նին` 20րդ դա­րուն վե­րա­բե­րեալ: «­Փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ կան նա­մակ­ներ եւ մէկ վէպ, նաեւ՝ Վա­նէն հա­ւա­քո­ւած չոր­ցո­ւած դե­ղա­բոյ­սեր, ո­րոնք յա­տուկ խնամ­քով պահ­պա­նո­ւած են: Հա­ւա­նա­կան է, որ ցու­ցադ­րենք»,- նշած է Ա­րա Խզ­մա­լեան: Ա­նոր հա­մա­ձայն, նշեալ փաս­տա­թուղ­թե­րու եւ նմոյշ­նե­րու նո­ւի­րա­տու­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ եւ­րո­պաբ­նակ հա­յեր են, ո­րոնք, լսե­լով Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ ստեղ­ծո­ւած նոր պայ­ման­նե­րուն մա­սին, ի­րենց ար­խի­ւա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը ո­րո­շած են յանձ­նել ա­պա­հով հաս­տա­տու­թեան. «­Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ այդ­պի­սի ար­ժէք­ներ պահ­պա­նե­լու հա­մար լա­ւա­գոյն պայ­ման­ներ ստեղ­ծո­ւած են, նոյ­նիսկ ա­ւե­լի բարձր, քան եւ­րո­պա­կան շարք մը կա­ռոյց­նե­րու մէջ»: Ան ա­ւել­ցու­ցած է, որ Մա­տե­նա­դա­րա­նի ար­խի­ւա­յին ֆոն­տին մէջ կայ մօտ 1 մի­լիոն փաս­տա­թուղթ: