5 Մարտին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցին նախաձեռնութեամբ, Արցախի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդի դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ Արցախը» խորագիրը կրող գիտագործնական խորհրդա
ժողովը` նուիրուած Դաշնակցութեան 125ամեակին: Ներկայ էին Լ. Ղ. Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսոր Վահրամ Բալայեան, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ, պատմաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամներ, ուսանողներ եւ հրաւիրեալներ:
Ելոյթներով հանդէս եկան Արցախի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ուսանողներ, մագիստրոսներ եւ քաղաքագէտներ` «1905-1906 թուականներու հայ-թաթարական ընդհարումները եւ Նիկոլ Դումանի գործունէութիւնը», «Թաթարական-հայկական ընդհարումները Արցախին մէջ 1905-1906 թուականներուն.- պատմաքննական վերլուծութիւն», «Արամ Մանուկեանը Վան-Վասպուրականի նահանգապետ», «Հ.Յ.Դաշնակցութեան դերակատարութիւնն Արցախի մէջ 1917-1918 թուականներուն», «Պատմական ակնարկ Հ.Յ.Դաշնակցութեան», «Դաշնակցութիւնը Արցախի մէջ. պատերազմի եւ խաղաղութեան տարիներ» նիւթերով: