altՄարտ 3-4 եր­կօ­րեա­յին ըն­թաց­քին, Ա­թէն­քի մէջ կա­յա­ցաւ հայ-յու­նա­կան տնտե­սա­կան, ար­դիւ­նա­բե­րա­կան եւ գի­տա­տեք­նի­կա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ­-կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հեր­թա­կան 5րդ նիս­տը: Ըստ ստո­րագ­րո­ւած հա­մա­ձայ­նագ­րին, եր­կու եր­կիր­

նե­րուն մի­ջեւ ա­ռեւտ­րա­յին եւ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ ամ­րապնդ­ման 10 բնա­գա­ւառ­նե­րը ճշդո­ւե­ցան։

Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագրուե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նախա­րար Տի­միթ­րիս Մար­տա­սի եւ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Կա­րէն Նա­զա­րեա­նի կող­մէ: Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին, փոխ-նա­խա­րար­ներ Մար­տաս եւ Նա­զա­րեան, յստակա­ցու­ցին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մար­զե­րը որ յատ­կա­պէս կը նե­րառ­նեն տար­բեր մի­ջո­ցա­ռում­ներ կրթու­թեան, ա­ռող­ջու­թեան, փո­խադ­րու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, ու­ժա­նիւ­թի եւ բնաշ­խար­հի, ար­հես­տա­գի­տու­թեան, հար­կա­յին հա­մա­կար­գի եւ այլ հար­ցեր։

Եր­կու կող­մե­րու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ նաեւ ի­րենց մի­ջեւ կա­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, ըն­թա­ցիկ տարուան մէջ երկ­րորդ հան­դի­պում մըն ալ կազ­մա­կեր­պե­լու մա­սին։ «Այս հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ մենք պի­տի վե­րա­նա­յինք մեր թի­րախ­ներն ու ձեռք­բե­րո­ւած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը։ Այս հան­դի­պու­մը Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի ի­րա­գոր­ծուի եւ պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան կող­քին, մե­զի պի­տի ըն­կե­րա­նայ նաեւ գոր­ծա­րար­նե­րէ բաղ­կա­ցած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն։

Այս­պէս, ջանք գոր­ծադրած կ­’ըլլանք մեր ա­ռեւտրա­յին կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման, ո­րոնք շատ ցած են, հա­կա­ռակ որ մեր քա­ղա­քա­կան կա­պե­րը գե­րա­զանց են» դի­տել տո­ւած է յոյն փոխ-նախա­րա­րը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է նաեւ Սեւ­ծո­վեան Տն­տե­սա­կան Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, զար­գաց­ման ա­ջակ­ցու­թեան եւ Եւ­րո­պա­կան դրա­ցիու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ գոր­ծըն­կե­րու­թեան հե­տա­գայ խթան­ման ու զարգաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն:

Ա­թէն­քի մէջ Հ.Հ. փոխ նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեա­ն ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է նաեւ Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար Նի­քոս Քո­ծիա­սի եւ փոխ նա­խա­րար Տի­միթ­րիս Մար­տա­սի հետ։