altՊաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Հա­յաս­տան գտնո­ւող Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար ­Ֆե­տե­րի­քա ­Մո­կե­րի­նի, ­Մարտ 1ին, հան­դի­պում ու­նե­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեա­նի հետ, ո­րուն հետ տո­ւած

է միա­ցեալ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը:

­Հան­դի­պում` նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի ­Հետ

­

Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի հետ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննարկուած են ­Հա­յաս­տան-Եւրո­պա­կան ­Միու­թիւն երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, տար­բեր մար­զե­րու մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն, շրջա­նի զար­գա­ցում­նե­րուն, մար­տահրա­ւէր­նե­րուն եւ հե­ռան­կա­րին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր:

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը` կա­րե­ւոր նկա­տե­լով Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ ­Հա­յաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապն­դու­մը, ո­րով մե­ծա­պէս հե­տաքրք­րո­ւած է ­Հա­յաս­տան, նշած է, որ բարձ­րաս­տի­ճան փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը շատ լաւ խթան կը հան­դի­սա­նան ու կը վկա­յեն փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման երկ­կող­մա­նի պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան մա­սին:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան անդ­րա­դար­ձած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող լայ­նա­ծա­ւալ բա­րե­փո­խում­նե­րուն, ո­րոնց կար­գին` նա­խորդ ­Դեկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցած սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն: Ան շեշ­տած է, որ ­Հա­յաս­տան հաս­տա­տա­կամ է շա­րու­նա­կե­լու տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ ըն­թացք ա­ռած բա­րե­փո­խում­նե­րը եւ բարձր կը գնա­հա­տէ ա­նոնց ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան կող­մէ յատ­կա­ցո­ւող ֆի­նան­սա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը:

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդրա­դարձ կա­տա­րո­ւած է նաեւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցի լուծ­ման բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թին: ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը հիւ­րին ներ­կա­յա­ցու­ցած է այդ հո­լո­վոյ­թին մէջ հայ­կա­կան կող­մին դիր­քո­րո­շում­նե­րը: ­Ֆե­տե­րի­քա ­Մո­կե­րի­նի վե­րա­հաս­տա­տած է, այս ա­ռու­մով, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը` ընդգծե­լով, որ ի­րենք կը սա­տա­րեն Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կին, ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման եւ կը պաշտ­պա­նեն բա­նակ­ցա­յին ե­րեք սկզբունք­նե­րը` ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւունք, ուժ կամ ու­ժի սպառ­նա­լիք չկի­րար­կել եւ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պա­նում:

­Նա­խա­րար ­Նալ­բան­դեա­նի հետմամ­լոյ միա­ցեալ ա­սու­լիս

Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար ­Ֆե­տե­րի­քա ­Մո­կե­րի­նին ըն­դու­նե­լով` ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դուարդ ­Նալ­բան­դեան հաս­տա­տած է, որ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը իր դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նայ ­Հա­յաս­տան-Եւրո­պա­կան ­Միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ խո­րաց­ման վրայ: Ֆ. ­Մո­կե­րի­նի ը­սած է, որ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ա­ւե­լի ա­մուր գոր­ծըն­կե­րու­թեան հաս­տա­տու­մը շա­հե­կան է ո՛չ միայն երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, այլ նաեւ ամ­բողջ շրջա­նին հա­մար: ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման առն­չո­ւող հար­ցե­րուն, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր ի­րա­ւա­կան հիմ­քի ձե­ւա­ւոր­ման առն­չու­թեամբ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն:

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին միտ­քեր փո­խա­նա­կո­ւած են ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի, յատ­կա­պէս ­Սու­րիոյ մէջ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կի դի­մագ­րաւ­ման, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ջան­քե­րը հա­մախմ­բե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան շուրջ: Այս պա­րու­նա­կին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է գաղ­թա­կա­նու­թեան ճգնա­ժա­մին եւ գաղ­թա­կան­նե­րու տա­րե­րա­յին հոս­քին:

­Նա­խա­րար ­Նալ­բան­դեան դի­տել տո­ւած է, որ բնակ­չու­թեան թի­ւի յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ ­Հա­յաս­տան կը հան­դի­սա­նայ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­ներ ըն­դու­նող եր­րորդ պե­տու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­յի մէջ:

­Նա­խա­րար ­Նալ­բան­դեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան ծի­րին մէջ ըն­թա­ցող` ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի լուծ­ման բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թին վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը:

Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տա­րը վե­րա­հաս­տա­տած է Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ հիմ­նա­հար­ցի խա­ղաղ հան­գու­ցա­լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րո­ւող ջան­քե­րուն:

­Կող­մե­րը հա­մա­կար­ծիք էին, որ ի­րա­վի­ճա­կի սրման նպաս­տող ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան քայ­լե­րը, ռազ­մա­տենչ հռե­տո­րա­բա­նու­թիւ­նը վնա­սա­կար են եւ կը ծա­ռա­յեն սթա­թուս քո­յի եր­կա­րաձգ­ման:

­Նալ­բան­դեան վե­րա­հաս­տա­տած է, որ ­Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քե­րը` ­Ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նա­հար­ցի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ:

­Հան­դի­պու­մին յա­ջոր­դած մամ­լոյ միա­ցեալ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին նա­խա­րար ­Նալ­բան­դեան վե­րա­հաս­տա­տած է ­Հա­յաս­տա­նի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը` ամ­րապն­դե­լու եւ ընդ­լայ­նե­լու հա­մա­պար­փակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող բո­լոր մար­զե­րուն մէջ:

­­Ֆե­տե­րի­քա ­Մո­կե­րի­նի շեշ­տած է, որ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը կը սեր­տէ ­Սու­րիա­յէն ­Հա­յաս­տան գաղ­թած­նե­րուն օ­ժան­դա­կե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նին օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լու հար­ցը: Ան նշած է, որ ա­սի­կա կա­րե­լի է ը­նել Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հո­վա­նիին տակ գոր­ծող հիմ­նադ­րամ­նե­րուն մի­ջո­ցով, ո­րոնք կը նպա­տա­կադ­րեն օ­ժան­դա­կել սու­րիա­կան ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման:

­Հան­դի­պում` Հ.Հ.Կ.ի եւ Հ.Յ.Դ.ի ղե­կա­վար­նե­րուն հետ

Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար ­Ֆե­տե­րի­քա ­Մո­կե­րի­նի հան­դի­պում ու­նե­ցած է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան եւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի յանձ­նա­խում­բե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն եւ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն հետ: