Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, խորհրդարանական զրոյցներու ընթացքին, պատասխանած է լրագրողները հետաքրքրող հարցումներու:
Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ՝ ըստ ոմանց, Հ.Հ. երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը քաղաքական դաշտէն դուրս ձգե
լու միտում կայ եւ որ, ըստ Լեւոն Զուրաբեանի, այդ պատճառով է, որ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը Դաշնակցութեան հետ համագործակցելու քայլին դիմած է, Ռուստամեան ըսած է.- «Զարմանալի է, որ քաղաքական դաշտէն դուրս ձ0գելու հարցով կը մեղադըրւին այն քաղաքական ուժերը, որոնք այդ անձին հետ շատ երկար տարիներու գործակցութեան պատմութիւն ունին, իսկ այն մարդիկ, որ դաւաճան ըսած են այդ մարդուն եւ զայն նկատած են հայութեան թիւ մէկ թշնամի, հիմա դարձան անոր պաշտպա՞նը:
Ինչո՞ւ, իրենք կ՛ուզեն, որ Քոչարեանը անպայման գա՞յ: Իրենց ի՞նչ ցաւն է, ե՞րբ ուզած են, որ Քոչարեանը գայ, մենք տեղեակ չենք: Մենք Քոչարեանի դէմ չենք եղած, մենք Քոչարեանի հետ գործակցած ենք եւ մեր յայտնի եօթը կէտերը քսան տարիէ ի վեր կը պաշտպանենք, եւ ատիկա եղած է նաեւ Քոչարեանի ժամանակ. ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ: Մենք այսօր ալ յարաբերութիւններու մէջ ենք պարոն Քոչարեանին հետ, եւ եթէ ինք որոշէ աւելի աշխոյժ քաղաքականութեան մէջ ըլլալ, մենք միայն կ՛ողջունենք ատիկա», նշեց Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավարը:
Լրագրողներէն մէկուն այն դիտարկման, թէ՝ մտավախութիւն չկա՞յ, որ Հ.Յ.Դ.ն իբրեւ գործիք կրնան օգտագործել, Ռուստամեան արձագանգած է. «Ոչի՛նչ, թող մեր ծրագիրները իրականացնելու համար մեզ իբրեւ գործիք օգտագործեն: Մենք ինքներս միջոց ենք, մեր կուսակցութիւնը միջոց է մեր նպատակներուն հասնելու համար: Դաշնակցութիւնը ինքնանպատակ եղած չէ, ստեղծուած է հայ ժողովուրդին եւ հայութեան ծառայելու համար»: