Բրիտանական «Մերկեր» ընկերութիւնը հրապարակած է կեանքի որակի վերաբերեալ տարեկան վարկանշային աղիւսակը, որուն մէջ ներառուած են աշխարհի 230 մեծ քաղաքներ: Հրապարակուած վարկանիշին համաձայն՝ կեանքի որակով լաւագոյն քաղաքը Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննան է, իսկ վատագոյնը՝ Իրաքի մայրաքաղաք
Պաղտատը: Ցանկին մէջ երկրորդ դիրքի վրայ է Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Ցիւրիխը, երրորդ՝ Նիւ Զելանտայի Օքլենտ քաղաքը։ Երեւանը գրաւած է 182րդ դիրքը՝ իր ետին ձգելով Թիֆլիսն ու Պաքուն, որոնք համապատասխանաբար գրաւած են 188րդ եւ 197րդ դիրքերը։ Այս աղիւսակի կազմութեան ատեն նկատի կ՛առնուին 39 գործօններ, որոնք խմբաւորուած են 10 բաժիններու՝ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային-մշակութային միջավայրը, անվտանգութիւնը, բնապահպանութիւնը, բժշկութեան եւ կրթութեան մակարդակը, սպառողական ապրանքներու, պետական ծառայութիւններու, երթեւեկի, եւ կացարանի: