Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, 5 Մարտին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125ամեակին նուիրուած «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Արցախը» խորագիրով երիտասարդական գիտագործնական գիտաժողով:
Ներկայացուող թեմաներն են`
- Հ.Յ.Դ.ի գործունէութիւնը Արցախի մէջ` 19րդ դարու աւարտին եւ 20րդ դարու սկիզբը:
- Արցախահայութեան մասնակցութիւնը արեւմտահայութեան ազգային ազատագրական պայքարին:
- Հ.Յ.Դ.ն եւ Արցախը` 1918-1923 թուականներուն:
- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը արցախահայութեան ազատագրական պայքարի կազմակերպման գործին մէջ` 20րդ դարու աւարտին:
- Հ.Յ.Դ.ի դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի կայացման եւ զարգացման գործընթացներուն մէջ: