altԹՈՒՄՕ ստեղ­ծա­րար ար­հես­տա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նին կող­մէ հրա­պա­րա­կո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կը տե­ղե­կա­ցո­ւի, որ Դի­լի­ջա­նէն ե­րեք ժամ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող Տա­ւու­շի սահ­մա­նա­մերձ Վա­զա­շէն, Ներ­քին Կար­մի­րաղ­բիւր, Այ­գե­պար, Սա­րի­գիւղ, Բեր­քա­բեր, Բա­ղա­նիս, Պա­ռա­ւա­քար, Մով­սէս, Չի­նա­րի, Ոս­կե­ւան,

Կո­թի, Բա­րե­կա­մա­ւան ու Ծաղ­կա­ւան գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­նե­րէն շուրջ եօ­թա­նա­սուն պա­տա­նի­ներ ար­դէն վեց ա­միս է «ԹՈՒՄՕ Դի­լի­ջան»ի ու­սա­նող­ներ են:

Ա­նոնք ԹՈՒՄՕի, «­Հայ­րե­նի­քի դար­պաս­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թեան ու «Beeline Armenia»ի միա­ցեալ «­Սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րի ե­րե­խա­նե­րը՝ ԹՈՒՄՕում» ծրա­գի­րի մաս­նա­կից­ներն են: Երբ ա­միս­ներ ա­ռաջ ծրա­գի­րը սկսաւ, նոր թու­մո­ցի­նե­րը ե­րե­սուն հո­գի էին, իսկ դա­սե­րուն տե­ւո­ղու­թիւ­նը՝ ե­րեք ա­միս: Ծ­րա­գիր­նե­րը փո­խո­ւե­ցան, ու­սա­նող­նե­րուն թի­ւը ա­ւել­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն հա­մար յստակ ե­րեւ­ցաւ այդ ե­րե­սուն պա­տա­նի­նե­րուն կրած փո­փո­խու­թիւ­նը:

«Ն­րանք ոչ միայն ար­դիա­կան հմտու­թիւն­ներ են ձեռք բե­րել, այ­լեւ ա­ւե­լի բաց են դար­ձել, ան­կաշ­կանդ: Ա­զա­տօ­րէն են ա­պա­գա­յի ծրա­գիր­ներ կազ­մում, ո­րով­հե­տեւ գի­տեն՝ որ­տեղ այժ­մէա­կան գի­տե­լիք­ներ ստա­նալ»,- ը­սած է «­Հայ­րե­նի­քի Դար­պաս­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր եւ նա­խա­գահ Ար­ման Հայ­րա­պե­տեան: Ա­մէն Շա­բաթ օր Դի­լի­ջա­նի ԹՈՒՄՕ կեդ­րոն այ­ցե­լե­լով՝ ծրա­գի­րի մաս­նա­կից­նե­րը ծա­նօ­թա­ցած են կեդ­րո­նի հիմ­նա­կան կրթա­կան ո­լորտ­նե­րուն, ամ­բող­ջա­ցու­ցած են ինք­նու­սուց­ման սկզբնա­կան հանգ­րո­ւա­նը եւ ներ­կա­յիս կ­՛ո­րո­շեն, թէ ի՛նչ է ի­րենց հե­տաքրք­րու­թեան ուղ­ղու­թիւ­նը։

«ԹՈՒՄՕ Դի­լի­ջան»ի հա­մա­կար­գող Տա­թեւ Ման­տո­յեան՝ անդ­րա­դառ­նա­լով ու­սա­նող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյց­նե­րուն եւ կազ­մած տպա­ւո­րու­թեան, ը­սած է.- «­Դէ՜, բո­լոր քա­ղաք­նե­րի, տա­րի­քի ու սե­ռի թու­մո­ցի­նե­րի ա­մե­նա­սի­րե­լի ուղ­ղու­թիւն­նե­րից մէ­կը ռո­բո­տա­շի­նու­թիւնն է, ու այս նա­խագ­ծի ու­սա­նող­ներն էլ, ի հար­կէ, այդ թւում են: Բայց բա­ցի դրա­նից մի հե­տաքրքիր փաս­տի հան­դի­պե­ցի՝ սահ­մա­նա­մերձ­ցի­նե­րը յատ­կա­պէս հե­տաքրքրուած են շար­ժան­կա­րի ժա­պա­ւէն­նե­րի ստեղծ­մամբ, լու­սան­կար­չու­թեամբ ու ընդ­հան­րա­պէս՝ մե­դիա­յի ո­լոր­տով: Ն­րան­ցից մէ­կը ան­գամ վա­րում է իր գիւ­ղի ֆեյս­բու­քեան է­ջը:

Կար­ծում եմ՝ սրա պատ­ճա­ռը ի­րենց ցան­կու­թիւնն է աշ­խար­հին պատ­մե­լու ի­րենց գիւ­ղե­րի մա­սին: Սա շատ ո­գեշն­չող է, ո­րով­հե­տեւ ցոյց է տա­լիս, որ հե­տաքրք­րո­ւող, պրպտող լի­նե­լուց բա­ցի, այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րը նաեւ գի­տա­կից քա­ղա­քա­ցի­ներ են»: