altԺամանակակից հագուստներու եւ զարդերու մէջ օգտագործելով հայկական միջնադարեան գորգերու թանգարանային նմոյշներու նախշերը եւ ամբողջական յօրինուածքները՝ հայ ձեւաւորողները կ՝առաջարկեն հայկական գորգերու քարոզչութեան նոր եղանակ: Այս մասին կը հաղորդէ

Armenpress.am։
Փետրուար 19ին, Մէգերեան կեդրոնին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Մէգերեան Կարպետի հետ համատեղ «Տէրեան Մշակութային Կեդրոն»ի նոր հաւաքածուի «Անցեալ-Ապագայ» խորագիրով արդիական հագուստներու ցուցադրութիւնը:
«Ես տիզայներ (ձեւաւորող) եմ, ով ունի իր գաղափարը եւ մտածելակերպը: Մեր խնդիրը գաղափարը ստեղծելն ու այն առաջ տանելն է: Տեսնելով, որ ամբողջ աշխարհում էթնիկ թեման զարգանում է, կարեւորեցինք հայկական գորգի յայտնուելը ժամանակակից հագուստում:
Առաջին անգամ մենք առաջարկեցինք հագուստներ, որոնք չունէին տարազի ձեւուածքներ: Իսկ այս նոր հաւաքածուում մենք օգտագործել ենք գորգի զարդանախշերը՝ չունենալով գիտական մօտեցում, քանի որ դեռեւս չենք ուսումնասիրել գորգը խորապէս: Մենք ընտրում էինք այն ամէնը, ինչը առաջին հայեացքից ուշադրութիւն էր գրաւում: Տարազը ստեղծելու համար երկար ժամանակ ենք անցկացրել թանգարաններում, աշխատել ենք ազգագրագէտների հետ, ովքեր մեզ բաւականին շատ տեղեկութիւն են տուել»,- ըսած է «Տէրեան Մշակութային Կեդրոն»ի տնօրէն, ձեւաւորող, արուեստագիտութեան թեկնածու, Հ.Պ.Մ.Հ. ձեւաւորման ամպիոնի դասախօս, հաւաքածուի գաղափարի հեղինակ Լիլիթ Մելիքեան:
Անոնք իրենց հաւաքածուին մէջ օգտագործած են այնպիսի նախշեր եւ ձեւուածքներ, որոնք, իրենց կարծիքով, պիտի գրաւեն հայ երիտասարդութիւնը: Հաւաքածուին մէջ փորձած են միախառնել ժամանակակիցը տարազի հետ: Եւ եթէ տեսնեն, որ մարդիկ կը հետաքրքրուին, անոնք պիտի շարունակեն իրենց ուսումնասիրութիւնները: Իւրաքանչիւր հագուստի համար ասեղնագործուած է իրեն համապատասխան զարդ: Բացի զարդերէն՝ հաւաքածուին մէջ կան պայուսակներ, երկարաճիտ կօշիկներ եւ այլ պարագաներ:
«Տէրեան Մշակութային Կեդրոն»ի ձեւարար, ճարտարապետ Թագուհի Սիմաւորեան իր հերթին նշած է, որ գարուն-ամառ հաւաքածուին մէջ պիտի ներկայացուին 40 հագուստներ, որոնց մէջ մասնաւորապէս օգտագործուած են Սիւնիք- Արցախ հաւաքածուի գորգերը:
«Ի սկզբանէ հաւաքածուն միայն կանանց համար էր, սակայն այժմ ունենք հագուստներ նաեւ տղամարդկանց համար»,- ըսած է Լիլիթ Մելիքեան: