Արցախեան պատերազմին վերաբերող եւ Ջիւան Աւետիսեանի կողմէ պատրաստուող «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին երաժշտութիւնը գրած է ամերիկահայ ռոք երգիչ, երգահան, «System of a Down» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան:
«Սերժ Թանքեանը կարդաց ժապաւէնի սցենարը (բեմագրութիւնը), դիտեց իմ նախորդ՝ «Թեւանիկ» շարժանկարը, եւ յանձն առաւ գրել «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին երաժշտութիւնը: Բնականաբար, նա տեսել է նաեւ ժապաւէնի նկարահանուած նիւթը: Իմ կարծիքով՝ հրաշալի աշխատանք է արուած՝ սիրով ու նուիրումով»,- ոգեւորութիւնն ու ուրախութիւնը առանց ծածկելու ըսած է Ջիւան Աւետիսեան, երբ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ 19 Փետրուարին Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը կը պատրաստուէր ձայնագրելու Սերժ Թանքեանի երաժշտութիւնը:
Մօտ 50 վայրկեան տեւողութեամբ ստեղծագործութիւնը, գեղարուեստական ղեկավար Էդուարդ Թոփչեանի եւ խմբավար Սոնա Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ, կատարեցին Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբն ու «Հովեր» կամերային երգչախումբը: Ձայնագրման աշխատանքները պիտի կատարուին «Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան» աջակցութեամբ: