altՍ­պի­տակ տու­նը կը նա­խա­տե­սէ 2016ի պիւտ­ճէով 22 մի­լիոն 412 հա­զար տո­լար յատ­կաց­նել ­Հա­յաս­տա­նին, որ­պէս տնտե­սա­կան օգ­նու­թիւն: ­Նա­խորդ տա­րո­ւան հա­մե­մատ՝ այդ գու­մա­րը ա­ւել­ցած է 22 տո­կո­սով: Հ.Յ.Դ. Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի մա­մու­լի խօս­նակ Է­լի­զա­պէթ ­Չուլ­ճեան, «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, ընդգ­ծած է, որ

  Ա.Մ.Ն.ի ար­տա­քին օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար յատ­կա­ցո­ւող գու­մար­նե­րը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն առ­հա­սա­րակ նո­ւա­զած են: «Ա­յո, յա­ռա­ջա­դի­մու­թիւն է, որ 22 տո­կո­սով ա­ւե­լի բարձր է, նա­խորդ տա­րո­ւան հա­մե­մատ: ­Բայց ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ ընդ­հան­րա­պէս Ա­մե­րի­կա­յի ար­տա­քին օ­ժան­դա­կու­թեան գու­մար­նե­րը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին նո­ւա­զած են եւ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կ­՛աշ­խա­տի ոչ միայն ընդ­լայ­նե­լու այդ գու­մար­նե­րը, այ­լեւ՝ տե­ղեակ ըլ­լա­լով, թէ ինչ­պէ՞ս է ներ­կայ քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը ար­տա­քին օ­ժան­դա­կու­թեանց մար­զէն ներս, մեր աշ­խա­տանք­նե­րը կեդ­րո­նաց­նել նաեւ Ա­մե­րի­կաՀա­յաս­տան ներդ­րում­նե­րու հզօ­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ»,- ը­սած է ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի մա­մու­լի խօս­նա­կը: Ա.Մ.Ն. 2017 թո­ւա­կա­նի պիւտ­ճէի նա­խա­գի­ծով կ­՛ա­ռա­ջար­կո­ւի մօտ 11 մի­լիոն տո­լար տրա­մադ­րել Ատր­պէյ­ճա­նի Հ.Յ.Դ. Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի Գ­րա­սե­նեա­կը, մտա­հո­գիչ կը հա­մա­րէ, որ այս տա­րի եւս պիւտ­ճէով յատ­կա­ցում­ներ չեն նա­խա­տե­սո­ւիր ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­մար: