alt«Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռիկա­յա­նինհետու­նե­ցածզրոյ­ցիըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նիԳե­րա­գոյնՄար­մի­նիներ­կա­յա­ցու­ցիչԱ­ղո­ւանՎար­դա­նեանյայ­տա­րա­րեց, որՀ.Յ.Դ.-­Հա­յաս­տա­նիՀան­րա­պե­տա­կանԿու­սակ­ցու­թիւնհա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նըմէկտարուանհա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնչէ, այլուղղո­ւածէդէ­պիա­պա­գայ:

Ան ան­լուրջ նկա­տեց այն բո­լոր հրա­պա­րա­կում­նե­րը, ո­րոնք կան մա­մու­լին մէջ եւ շրջան կ­՛ը­նեն լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն կող­մէ: «­Կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ջարկ, կան աշ­խա­տան­քա­յին քննար­կում­ներ, քննար­կո­ւող խնդիր­նե­րը այն­քան բազ­մա­զան են եւ ա­ռանց­քա­յին, որ միայն պաշ­տօն­նե­րու վրայ կեդ­րո­նա­նա­լը լուրջ չէ: Մենք հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք կը կա­տա­րենք, եւ ա­սի­կա դա­ւադ­րա­կան ե­րե­ւոյթ չէ, մեր երկ­րին մէջ ո­րա­կա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հաս­նե­լու մեր պատ­կե­րա­ցում­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նենք եւ կը փոր­ձենք գալ հա­մա­ձայ­նու­թեան: Երբ եր­կու ու­ժեր կը բա­նակ­ցին, բնա­կա­նա­բար կը քննար­կեն, տե­սա­կէտ­նե­րու բա­խում, բա­նա­վէճ կ­՛ըլ­լայ, կը փոր­ձենք լու­ծում­ներ գտնել: Մեր հիմ­նա­կան խնդիրն է` գտնել այն ուղ­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց առն­չու­թեամբ կա­րե­նանք միա­ցեալ ու­ժե­րով դրա­կան ակնկա­լիք, յոյս յա­ռա­ջաց­նել մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն մօտ: Երկ­րորդ խնդի­րը` հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ձե­ւա­չափն է. եր­կու ու­ժեր պէտք է միաս­նա­բար աշ­խա­տին` ի՞նչ ձե­ւա­չա­փով պի­տի աշ­խա­տին, ինչ­պէ՞ս պի­տի քննար­կեն հար­ցե­րը, ինչ­պէ՞ս ո­րո­շում­ներ պի­տի տան, խորհր­դա­տո­ւա­կան մար­մին անհ­րա­ժե՞շտ է, թէ՞ ոչ, ա­սոնք եւս կա­րե­ւոր հար­ցեր են, որ­պէս­զի վա­ղը, միւս օ­րը խնդիր­ներ չա­ռա­ջա­նան: Եւ միայն եր­րորդ խնդիրն է հա­մա­պա­տաս­խան մար­զե­րու ընտ­րու­թեան հար­ցը»,- յայ­տա­րա­րեց Վար­դա­նեան: Ան տե­ղե­կա­ցուց, որ կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան, տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման եւ տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօն­նե­րը Դաշ­նակ­ցու­թեան փո­խան­ցե­լու հար­ցը քննարկ­ման հանգ­րո­ւա­նին մէջ է: Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը վստա­հե­ցուց, որ քա­նի մը օ­րէն ա­մէն ինչ ա­ւե­լի յստակ կ­՛ըլ­լայ: Ըստ ա­նոր, ա­մէն շա­բաթ կը գու­մա­րո­ւին Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի նիս­տե­րը, կը կա­տա­րո­ւին միա­ցեալ քննար­կում­ներ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի հետ, իսկ այս հանգ­րո­ւա­նին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ կը կա­յա­նան Հա­յաս­տա­նի եւ Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ Մար­գա­րեա­նի մի­ջեւ: Պա­տաս­խա­նե­լով լրագ­րո­ղի մը այն հար­ցու­մին, թէ 2017էն ետք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի՞, Վար­դա­նեան նախ նշեց, որ բնա­կա­նա­բար այ­սօր այդ հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նե­լը շատ թէա­կան կ­՛ըլ­լայ. ան շեշ­տեց, որ ներ­կա­յիս կա­րե­ւո­րը իս­կա­պէս լրջօ­րէն ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պատ­րաս­տո­ւիլն է, վստա­հու­թիւն ներշն­չող Ընտ­րա­կան Օ­րէնս­գիրք ու­նե­նալն է, որ չ­՛ար­տօ­ներ ար­հես­տա­կան կամ այլ ձե­ւե­րով ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան ու­ժի ա­ռա­ւե­լու­թիւն ու­նե­նա­լը:

«Ես յոյս ու­նիմ, որ մենք ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով լա­ւա­գոյն ընտ­րու­թիւն­նե­րը կ­՛ու­նե­նանք, քննար­կում­նե­րը այդ հու­նով կ­՛ըն­թա­նան, բնա­կա­նա­բար մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը միտուած է ա­պա­գա­յին, մէկ տա­րո­ւան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն չէ»,- ը­սաւ Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան:

Լ­րագ­րող մը հար­ցուց, թէ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ի՞նչ պի­տի փո­խէ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ. Ա. Վար­դա­նեան պա­տաս­խա­նեց, որ ներ­կա­յիս հար­ցե­րը այն­քան մե­ծա­թիւ են եւ զա­նոնք հա­մախմ­բո­ւած դի­մագ­րա­ւե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը այն­քան ցա­քուց­րիւ, որ Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յու­թեամբ նոր ո­րակ պի­տի հա­ղոր­դո­ւի կա­ռա­վար­ման ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան. նոր սահ­մա­նադ­րու­թեամբ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը սկիզբ դրած է միանձ­նեայ կա­ռա­վար­ման վերջ տա­լու հո­լո­վոյ­թին: