Հա­յաս­տա­նի մար­զա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը մեկ­նած է ­Լի­լե­հա­մըր, ուր ­Փետ­րո­ւար 12ին պի­տի մեկ­նար­կեն ձմեռ­նա­յին ­Պա­տա­նե­կան երկ­րորդ Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը: Հ.Ա.Ո.Կ.ի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով` ­Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն դա­հու­կորդ ­Մի­քա­յէլ ­Մի­քա­յէ­լեան եւ գե­ղա­սա­հորդ Ա­նաս­թա­սիա ­Գա­լուս­տեան, որ խում­բին պի­տի միա­նայ ­Մոս­կո­ւա­յէն: ­Հա­յաս­տա­նի մար­զա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ղե­կա­վարն է Հ.Ա.Ո.Կ.ի սփոր­թի բա­ժի­նի պետ ­Գա­գիկ ­Պոլ­շի­գեան: Ձ­մեռ­նա­յին ­Պա­տա­նե­կան երկ­րորդ Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւին

նոր­վե­կա­կան ­Լի­լե­հա­մըր քա­ղա­քին մէջ, որ իր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, կը հիւ­րըն­կա­լէ խա­ղե­րը: ­Դեռ 1994 թո­ւա­կա­նին, ­Լի­լե­հա­մը­րը ըն­դու­նած էր 15րդ ձ­մեռ­նա­յին Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը: 2016 թո­ւա­կա­նի պա­տա­նե­կան խա­ղե­րը հիւ­րըն­կա­լե­լու միակ յայ­տը ներ­կա­յա­ցու­ցած էր նոյ­նինքն ­Լի­լե­հա­մը­րը: ­Պա­տա­նե­կան Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը պի­տի մեկ­նար­կեն ­Փետ­րո­ւար 12ին եւ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին մին­չեւ 21: