Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան Փետրուար 9ին ընդունեց Շուէտի Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարար Մարկօ Ուոլըսթրոմը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հ.Հ. նախագահի մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Հ.Հ. նախագահը եւ Շուէտի արտաքին
գործոց նախարարը քննարկած են ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերով հայ-շուէտական փոխ-գործակցութեան զարգացման, Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն Շուէտի աջակցութեան հնարաւորութիւնները, մտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային զարգացումներու եւ մարտահրաւէրներու, միջազգային արդի խնդիրներու, Լ.Ղ. հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացի շուրջ: Նախագահը հիւրին հանգամանօրէն ներկայացուցած է այդ գործընթացին մէջ հայկական կողմի դիրքորոշումները` հիմնուած միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն եւ չափորոշիչներուն վրայ:
Զրուցակիցները երկուստեք բարձր գնահատած են վերջին շրջանին նկատելիօրէն աշխուժացած հայ-շուէտական քաղաքական երկխօսութիւնը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ հաստատած է, որ այսօր Շուէտ Եւրոպայի մէջ Հայաստանի կարեւոր եւ վստահելի գործընկերներէն է:
Արտաքին գործոց նախարար Մարկօ Ուոլըսթրոմ իր հերթին ընդգծած է, որ լաւ հարթակ ստեղծուած է երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու ու խորացնելու համար եւ իր երկրին կողմէ պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու Հայաստանին` բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ Հայաստանի մէջ իրականացուող համապարփակ բարեփոխումները իշխանութիւնները կը դիտարկեն որպէս երկրի յառաջընթացի եւ զարգացման կարեւոր գրաւական եւ մեծապէս կը գնահատեն Ե.Մ. գործընկերներու աջակցութիւնը այդ հարցով: Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան` Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Շուէտ` որպէս բարեկամ երկիրի, զգալի դերակատարութիւն ունի Հ.Հ.-Ե.Մ. յարաբերութեանց ամրապնդման գործին մէջ: Արտաքին գործոց նախարար Ուոլըսթրոմ վստահեցուցած է, որ Հայաստան այսուհետեւ ալ կրնայ ապաւինիլ Շուէտի աջակցութեան եւ համոզուած ըլլալով, որ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ` իբրեւ Ե.Մ. Արեւելեան գործընկերութեան ու այս տարածաշրջանի բարեկամի: Վերոնշեալ ձեւաչափով համագործակցութիւնը նախարարը համարած է նաեւ երկկողմ կապերը ամրապնդելու եւս մէկ հնարաւորութիւն: