altՀա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ­Փետ­րո­ւար 8ին ըն­դու­նած է ­Սեր­պիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Մա­յա ­Կոյ­քո­վի­չը:

Ն­շե­լով, որ ­Սեր­պիոյ մէջ այժմ աշ­խու­ժօ­րէն ըն­թացք ա­ռած է Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ հա­մար­կու­մի հո­լո­վոյ­թը, եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­

ցու­թիւ­նը իր երկ­րի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն է՝ ­Սեր­պիոյ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հը ընդգ­ծած է, որ իր հա­մո­զու­մով փո­խա­դար­ձա­բար օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լայ այս ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի հետ` իբ­րեւ Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մի, հա­մարկ­ման հո­լո­վոյթ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ փոր­ձի փո­խա­նա­կու­մը` նկա­տի առ­նե­լով նաեւ, որ ­Հա­յաս­տան իր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գին մէջ կա­րե­ւոր կը նկա­տէ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը,- կը փո­խան­ցէ Հ.Հ. նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քը:

­Մա­յա ­Կոյ­քո­վիչ կա­րե­ւոր նկա­տած է բարձր մա­կար­դա­կի փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը եւ յոյս յայտ­նած, որ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը այս տա­րի այ­ցե­լէ ­Սեր­պիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւն, ինչ որ ա­ռիթ մը եւս կ­՛ըլ­լայ քննար­կե­լու միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են նաեւ միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղով­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Սեր­պիոյ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր:

Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թին: ­Մա­յա ­Կոյ­քո­վիչ նշած է, որ մեկ­նե­լով իր երկ­րի փոր­ձա­ռու­թե­նէն, ­Սեր­պիոյ մէջ խո­րա­պէս հա­մո­զո­ւած են, որ տագ­նա­պի լու­ծու­մը կա­րե­լի է Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի շրջա­գի­ծին մէջ, միայն խա­ղաղ ճամ­բով եւ բա­ցա­ռա­պէս երկ­խօ­սու­թեան մի­ջո­ցով:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան նշած է, որ սի­րով ըն­դու­նած է գոր­ծըն­կե­րոջ հրա­ւէ­րը` այ­ցե­լե­լու ­Սեր­պիա: ­Նա­խա­գա­հը ընդգ­ծած է, որ ­Հա­յաս­տա­նը բաց եւ ան­կեղծ է ­Սեր­պիոյ հետ իր փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, շա­հագրգ­ռո­ւած է փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ զար­գաց­նե­լու միջ-պե­տա­կան կա­պե­րը:

­Հան­դի­պում` ­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեա­նի ­Հետ

­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեան եւս ըն­դու­նած է պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Հա­յաս­տան հա­սած ­Սեր­պիոյ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Մա­յա ­Կոյ­քո­վի­չի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:

Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան փո­խան­ցու­մով` ­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեան նշած է, որ ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար ա­նակն­կալ էր Ե.Խ.Խ.Վ.ի վեր­ջին նստաշր­ջա­նին սեր­պա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան գրե­թէ բո­լոր ան­դամ­նե­րուն հա­կա­հայ­կա­կան եր­կու բա­նա­ձե­ւե­րուն ա­ջակ­ցե­լու փաս­տը, ինչ որ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հին խօս­քով՝ կը հա­կա­սէ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ «բազ­մա­մեայ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ո­գիին, ինչ­պէս նաեւ ­Սեր­պիոյ պաշ­տօ­նա­կան դիր­քո­րո­շու­մին` ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պին վե­րա­բե­րեալ»:

­Մա­յա ­Կոյ­քո­վիչ, կա­րե­ւոր նկա­տե­լով մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու մէջ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ա­ռա­ջար­կած է եր­կու խորհր­դա­րան­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը աշ­խու­ժաց­նել:

Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պին` ան նշած է, որ ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պը պէտք է լու­ծո­ւի Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի շրջա­գի­ծին մէջ, ­Մատ­րի­տեան Սկզ­բունք­նե­րու հի­ման վրայ: Սեր­պիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Մա­յա ­Կոյ­քո­վի­չի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, Հ.Հ. Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հի տե­ղա­կալ Է­դո­ւարդ ­Շար­մա­զա­նո­վի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, ­Փետ­րո­ւար 8ին այ­ցե­լած է ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լիր: ­­Սերպ խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը ե­ղած են նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նարկ, ծա­նօ­թա­ցած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին պատ­մող նիւ­թե­րուն եւ լու­սան­կար­նե­րուն: