altԱր­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան 3 ­Փետ­րո­ւա­րին ըն­դու­նած է Ե.Ա.Հ.Կ.ի գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ ­Քասփրչի­քը: ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու շփման գի­ծին վրայ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին

վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր:

­Նոյն օ­րը Ա. ­Քասփրչիք հան­դի­պում ու­նե­ցած է նաեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեա­նի հետ: Ա­նոնք միտ­քեր փո­խա­նա­կած են փո­խա­դարձ հե­տաքրքրու­թիւն ներ­կա­յաց­նող կարգ մը հար­ցե­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու շփման գի­ծին վրայ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին եւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի գրա­սենեա­կին կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող դի­տար­կում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ: Քն­նար­կո­ւած են նաեւ գրա­սե­նեա­կին կող­մէ տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­ներն ու ա­պա­գա­յի ծրա­գիր­նե­րը:

Եր­կուս­տեք կա­րե­ւոր նկա­տած են սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ կա­յու­նու­թեան պահ­պա­նու­մը: