Հայաստանի մէջ տեղակայուած Ռուսական Հարաւային Ռազմական Ջոկատի ռազմակայանի ճառագայթային, քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութեան (Ճ.Ք.Կ.Պ.) ստորաբաժանումը, շաբթուան սկիզբը, ստացած է 4 ժամանակակից հետախուզական քիմիական մեքենաներ (Հ.Ք.Մ.-6):
Ներկայիս համապատասխան քայլերու կը դիմուի սարքերը մարտակարգ մտցնելու եւ անոնց օգտագործման կերպը անձնակազմին սորվեցնելու գծով։ Հ.Ք.Մ.-6 զրահամեքենաները ստեղծուած են ԲՏՌ-80ի հիման վրայ եւ օժտուած են սարքաւորումներու յատուկ հաւաքածոյով, որուն գործառոյթն է իրավիճակը ուսումնասիրել եւ սպառնալիքները փնտռել: Յարմարող սարքաւորումներու համակարգը կարելիութիւն կու տայ հետեւելու իրավիճակին եւ յայտնաբերելու քիմիական կամ կենսաբանական գրոհի նշանները, ինչպէս նաեւ ճառագայթային վարակը:
Ատկէ բացի՝ կ՛ապահովուի օդերեւութաբանական երեւոյթներու ինքնեկ դիտարկում, որուն տուեալները կ՛երեւին գործիքին վահանակին վրայ, ընդ որում օդերեւութաբանական պայմաններու եւ յայտնաբերուած սպառնալիքներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները կարելի է փոխանցել դաշտային պայմաններուն մէջ գործող հրամանատարական կէտին: