altՊաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ 30 Յու­նո­ւա­րէն 2 Փետ­րո­ւար Հա­յաս­տան գտնուող Վ­րաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի Փետ­րո­ւար 1ին ըն­դու­նո­ւած է Հ.Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ:

 

Զ­րու­ցա­կից­նե­րը քննար­կած են երկ­կողմ միջ-պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ու ամ­րապնդ­ման, պաշտ­պա­նու­թեան մար­զին մէջ հայ-վրա­ցա­կան փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թեան եւ շրջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր,- կը փո­խան­ցէ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին պաշ­տօ­նա­կան կայ­քը:

«­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ընդգ­ծած է հայ-վրա­ցա­կան ա­ւան­դա­կան գոր­ծըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ հա­ւա­սա­րակշռուած մօ­տե­ցում­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը շրջա­նա­յին կա­յու­նու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան պահ­պան­ման տե­սան­կիւ­նէն: Նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի նշած է, որ Վ­րաս­տա­նի մէջ մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տեն հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող հայ եւ վրա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րի-դրա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ան նաեւ ընդգ­ծած է, որ շրջա­նին մէջ նման հին պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող բա­րե­կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն ո­չինչ կրնայ բաժ­նել այն ճամ­բա­յէն, որ ա­նոնք սկսած են հա­զա­րա­մեակ­ներ ա­ռաջ ու միա­սին պի­տի շա­րու­նա­կեն նոյն­քան եր­կար տա­րի­ներ»,- ը­սո­ւած է պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին ներ­կա­յա­ցու­ցած են, Խի­տա­շե­լիի այ­ցե­լու­թեան ծի­րին մէջ, հայ-վրա­ցա­կան զի­նո­ւո­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեամբ միջ-նա­խա­րա­րա­կան քննար­կում­նե­րու ար­դիւն­քով ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւորուա­ծու­թիւն­նե­րը:

Հա­յաս­տա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի պաշտ­պա­նա­կան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը 1 Փետ­րո­ւա­րին ստո­րագ­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ 2016ի զի­նո­ւո­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գի­րը, ո­րուն հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­ներն են` փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նա­կու­մը խա­ղա­ղա­պա­հու­թեան, զի­նո­ւո­րա­կան կրթու­թեան, մաս­նա­գի­տա­կան վե­րա­պատ­րաստ­ման եւ ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րու­մի մար­զե­րուն մէջ:

Նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կո­ւե­ցան Հա­յաս­տա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին եւ շրջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան, ինչ­պէս նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ պաշտ­պա­նու­թեան մար­զին մէջ երկ­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր: Նա­խա­րար Օ­հա­նեան դի­տել տո­ւած է, թէ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը անվ­տան­գու­թեան տար­բեր հա­մա­կար­գե­րու մէջ են, բայց եւ այն­պէս ո­չինչ կը խան­գա­րէ, որ հա­մա­պա­տաս­խան կա­րե­լիու­թիւն­ներ ստեղ­ծո­ւին շրջա­նին մէջ անվտան­գու­թեան ա­պա­հով­ման ի խնդիր:

Վ­րաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է բո­լոր հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն: Ան ա­ւել­ցու­ցած է, որ եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ կա­րե­լիու­թիւն ու­նե­ցած է Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ տես­նե­լու հայ եւ վրա­ցի խա­ղա­ղա­պահ­նե­րը, ո­րոնք միաս­նա­բար կը ծա­ռա­յեն յա­նուն խա­ղա­ղու­թեան:

«­Հոս կը գտնո­ւիմ խօ­սե­լու մեզ միա­ւո­րող հար­ցե­րուն մա­սին. նախ եւ ա­ռաջ` Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի խա­ղա­ղու­թեան: Ա­սի­կա այն հիմ­նա­կան եւ կա­րե­ւոր կէ­տե­րէն մէկն է, որ կրնայ մեզ միա­ւո­րել»,- յայտ­նած է Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի:

Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան ծի­րին մէջ, Վ­րաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը հան­դի­պում ու­նե­ցած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ Նալ­բան­դեա­նի հետ:

Անդ­րա­դարձ` Հա­յոց եւ Վ­րացԵ­կե­ղե­ցի­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն

Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոս, 1 Փետ­րո­ւա­րին, Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծի­նի մէջ, ըն­դու­նած է Վ­րաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լիի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը: Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը ող­ջու­նած է դրա­ցի եր­կու եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեանց մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րո­ւած սերտ կա­պե­րը` գո­հու­նա­կու­թեամբ փաս­տե­լով նաեւ պե­տա­կան տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ ձե­ւա­ւո­րո­ւած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: Խօ­սե­լով հա­յոց եւ վրաց ե­կե­ղե­ցի­նե­րու յա­րա­բե­րու­թեանց մա­սին` Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յոյս յայտ­նած է, որ վի­րա­հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կեան­քին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող խնդիր­նե­րը եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան ո­գիին հա­մա­հունչ կը գտնեն ի­րենց անհ­րա­ժեշտ լու­ծու­մը:

Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի նշած է, որ քա­ջա­տե­ղեակ է հայ ժո­ղո­վուր­դին կեան­քին մէջ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ու­նե­ցած իւ­րա­յա­տուկ դե­րա­կա­տա­րու­թեան:

Զ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է շրջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան պահ­պան­ման հրա­մա­յա­կան­նե­րուն: