Հայաստան դարձած է Եւրոպայի Խորհուրդի ֆիլմարտադրութեան աջակցող Eurimages հիմնադրամի անդամ: Այս մասին «Մետիամաքս»ին հաղորդած են Եւրոպայի Խորհուրդի լրատուական ծառայութենէն: 1988ին ստեղծուած Eurimages հիմնադրամի նպատակն է աջակցիլ Ե.Խ. անդամ երկիրներու միջեւ համատեղ ֆիլմարտադրութեան, ժապաւէններու ցուցադրութեան: Կ՛ակնկալուի, որ
Հայաստանի անդամակցութիւնը այս հիմնադրամին պիտի նպաստէ շարժանկարի արտարդրութեան ոլորտին մէջ հայ եւ եւրոպացի գործիչներու, արտադրողներու փորձի փոխանակման, համատեղ ֆիլմարտադրութեան իրականացման: