Հ.Հ. Նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան 28 Յունուարին մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ պաշտպանութեան նախարարութեան Պաշտպանական Ազգային Հետազօտական Համալսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն ներկայ եղան նաեւ Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. պաշտպանու
թեան նախարարները, Հ.Հ. զինուած ուժերու բարձրագոյն ղեկավար կազմը, գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, օտարերկրեայ բարձրաստիճան հիւրեր, գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ:
Հ.Հ. նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` հանրապետութեան նախագահը շրջած է համալսարանի նորակառոյց մասնաշէնքին մէջ, ծանօթացած հաստատութեան ծրագիրներուն, համալսարանի գործունէութեան համար ստեղծուած պայմաններուն, ինչպէս նաեւ հետազօտական-կրթական նպատակներուն ծառայող աշխատասենեակներու հնարաւորութիւններուն, որմէ ետք ներկայ գտնուած է համալսարանի բացման նուիրուած հանդիսաւոր նիստին: Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան Դրաստամատ Կանայեանի անուան Ազգային Ռազմավարական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի պետ, զօրավար-գնդապետ, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Հայկ Քոթանջեանի զեկոյցէն ետք, նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Ա.Մ.Ն. պաշտպանական ազգային համալսարանի Տուայտ Դ. Այզէնհաուըրի անուան ազգային անվտանգութեան եւ հնարաւորութիւններու կառավարման ռազմավարութեան դպրոցի փրոֆեսոր Ճէյմս Քիգլ, Հարուըրտի համալսարանի Ճոն Ֆ. Քենետիի անուան պետութեան հետազօտութիւններու դպրոցի ազգային անվտանգութեան ծրագրի տնօրէն, զօրավար-հարիւրապետ, փրոֆէսոր Թետ Օլսթրեոմ, Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի (համալսարանի) Եւրօ-ատլանտեան անվտանգութեան կեդրոնի տնօրէն, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Ալեքսանդր Նիքիթին: Համալսարանի գիտաժողովներու դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է նաեւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն. Հ.Հ. նախագահի հրամանագիրերով՝ Հ.Հ. Պ.Ն. Պաշտպանական Ազգային Հետազօտական Համալսարանի հիմնադրման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար Ճէյմս Քիգլ, Թետ Օլսթրեոմ, Ալեքսանտր Նիքիթին եւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար, Հ.Ա.Պ.Կ. գիտափորձագիտական խորհուրդի նախագահ, զօրավար-գնդապետ Նիքոլայ Պորտիւժան պարգեւատրուած են Երախտագիտութեան շքանշանով: