Բանակի Օրուան առիթով, Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ, տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին՝ ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ատեն ցուցաբերած իրենց նուիրումին եւ խիզախութեան, մատուցած կարեւոր ծառայութիւններուն համար, խումբ մը զինուորներ պարգեւատրուած են պետական պարգեւներով, արժանացած զինուորական բարձր կոչումներու: Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ անդրադարձած է այն իրականութեան, որ արդէն
քառորդ դար է, որ Հայաստան ազատ ու անկախ պետականութիւն ունի, իսկ առանց բանակին այդ 25ամեայ ուղին կարելի չէ պատկերացնել: «Հայաստանի զինուած ուժերը դարձան այն առաջին քարերը, որոնք դրուեցան մեր պետականաշինութեան հիմքերուն մէջ: Ատիկա ժամանակի եւ շրջանի պարտադրանքն էր: Մենք շատ լաւ գիտէինք, թէ ո՛վ ենք մենք եւ ո՛ւր կ՛ապրինք»,- ըսած է նախագահը` հաստատելով, որ հայ ազգը հազարամեակներու փորձառութիւն ունի:
Նախագահը շեշտած է, որ այս փառապանծ տօնը համապետական եւ համաժողովրդական է, խարսխուած է զինուորականներուն նուիրուածութեան, մասնագիտական կարողութիւններուն ու բարձր մարտական ոգիին վրայ: «Կը մաղթենք, որ այսուհետեւ սահմանին վրայ ոչ մէկ զինուոր զոհուի: Ձեզի եւ մեր ամբողջ ժողովուրդին կը մաղթեմ խաղաղութիւն՝ յանուն մեր երկրի ազատութեան, յանուն արդար աշխատանքի, որ պայմանն է որեւէ յառաջընթացին: Ձեր եւ ձեր ծառայակիցներուն շնորհիւ է, որ Հայաստանի զինուած ուժերը կ՛իրականացնեն իրենց առաքելութիւնը: Այսօր` այս նուիրական օրը, մենք գլուխ կը խոնարհենք անոնց պայծառ յիշատակին առջեւ: Դուք այն արժանաւորներն էք, որոնք հաւատարիմ են նահատակներու պատգամներուն եւ անոնց կտակած արժէքներուն»,- եզրափակած է նախագահ Սարգսեան: