alt21-23 Յու­նո­ւար 2016ին, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Գ­րա­սե­նեա­կի հրա­ւէ­րով, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղով, Ե­րե­ւա­նի Հ.Յ.Դ. Ա­րամ Մա­նու­կեան ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րո­նէն ներս:

Աշ­խար­հի մօտ 20 եր­կիր­նե­րու մէջ գոր­ծողՀա­յաս­տան, Ար­ցախ, Գա­նա­տա, Ա.Մ.Ն., Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա, Ֆ­րան­սա, Հո­լան­տա, Աւստ­րիա, Շո­ւէտ, Ի­րան, Լի­բա­նան, Սու­րիա...) Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թիւն­նե­րու 30 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ քննար­կե­ցին միու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պա­կան վի­ճա­կին, սփիւռ­քեան հա­մայնք­նե­րու մէջ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան խնդիր­նե­րուն, դաշ­նա­կա­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րու գա­ղա­փա­րա­քա­ղա­քա­կան պատ­րաս­տո­ւա­ծու­թեան, Հ.Հ. ներ-քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ի­րա­վի­ճա­կին եւ ար­տա­քին հիմ­նախն­դիր­նե­րուն առն­չո­ւող հար­ցեր։

Խորհր­դա­ժո­ղո­վին ներ­կայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր Վի­գէն Եա­գու­պեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Գ­րա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր Սար­գիս Մկրտ­չեան: Նաեւ դա­սա­խօ­սու­թեամբ ներ­կա­յա­ցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ ըն­կեր Կի­րօ Մա­նո­յեան:

Մաս­նա­կից­նե­րը նախ լսե­ցին միու­թիւն­նե­րու անց­նող եր­կու տա­րի­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին զե­կոյց­ներ, տե­ղե­կա­ցան Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Գ­րա­սե­նեա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն ու որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կան ու­ղեգ­ծին մա­սին, ա­պա՝ խորհր­դակ­ցե­ցան նոր ծրա­գիր­նե­րու եւ գոր­ծե­լա­դաշ­տե­րու շուրջ: Ժո­ղո­վը յա­տուկ կեր­պով քննար­կեց շրջան­նե­րու կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող պա­տա­նե­կան ճամ­բար­նե­րու ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք տե­ղի կ­՚ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի տար­բեր շրջան­նե­րէն ներս, եւ հաս­տա­տեց շա­րու­նա­կել հայ­րե­նի հո­ղին վրայ կազ­մա­կեր­պո­ւող ա­մառ­նա­յին ճամ­բար­նե­րը եւ ընդ­լայ­նել գոր­ծու­նէու­թեան ո­լորտն ու կի­րա­ռել նոր ձե­ւեր ե­կող եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին:

Քն­նարկ­ման ա­ռար­կայ դար­ձան մի­ջազ­գա­յին ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րու մէջ Հ.Յ.Դ.Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը եւ ը­նե­լիք­նե­րը։ Մաս­նա­կից­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին դաս­տիա­րակ­չա­կան ար­դի նիւ­թե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, որ պի­տի նպաս­տէ ա­ւե­լի զար­գա­ցած միու­թե­նա­կան­ներ ու­նե­նա­լու նպա­տա­կին ի­րա­գործ­ման։ Շեշ­տուե­ցաւ քա­րոզ­չա­կան նոր ձե­ւե­րու կի­րարկ­ման անհրա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ միու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րու մա­սին լրա­տո­ւու­թիւ­նը ա­ւե­լի ա­րագ ու ա­ւե­լի լայն շրջա­նա­կի հասց­նե­լու նպա­տա­կով։

Խորհր­դա­ժո­ղո­վը՝ անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ առ­կայ ըն­կե­րա­յին բազ­մա­թիւ հար­ցե­րուն, ո­րոնց­մէ են հայ­րե­նի ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու ու­սա­նո­ղու­թեան խնդիր­նե­րը, վե­րա­հաս­տա­տեց իր վճռա­կա­մու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու բարձ­րա­ձայ­նել այդ հար­ցե­րը եւ պայ­քա­րե­լու ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ժո­ղո­վը հաս­տա­տեց, թէ իր կազ­մա­կեր­պա­կան հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյ­ցի ճամ­բով պի­տի շա­րու­նա­կէ հա­մախմ­բել սփիւռ­քի եւ հայ­րե­նի­քի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը՝ ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան հար­ցե­րու շուրջ: Ո­րո­շո­ւե­ցաւ ա­պա­հո­վել բո­լոր շրջան­նե­րու հա­մադ­րո­ւած գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ դի­մադ­րե­լու եւ հա­կազ­դե­լու հա­մար Թուր­քիոյ եւ Ատրպէյ­ճա­նի պե­տա­կան ու լոպ­պիիս­տա­կան խում­բե­րու հա­կա­հայ աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ սփռո­ւող ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան: Խորհր­դա­ժաո­ղո­վի ա­ւար­տին, բո­լոր շրջան­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի­րենց յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ ամ­բողջ կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ ծա­ռա­յե­լու հայ ազ­գի եւ հայ­րե­նի­քի շա­հե­րուն եւ Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին:

Հ.Յ.Դ. ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ
ԵՒ
ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ