Ճիշդ չէ Ե.Խ.Խ.Վ.ի մէջ տեղի ունեցածը որակել կամ բնութագրել «յաղթանակ կամ պարտութիւն» եզրոյթով: Այս մասին, ըստ Tert.amի, ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան` անդրադառնալով Ե.Խ.Խ.Վ.ի մէջ ընդունուած Սարսանգի ջրամբարի մասին զեկոյցին ու
Վեհաժողովի կողմէն մերժուած` Ռոպերթ Ուոլթըրի հեղինակած «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ գրաւուած այլ տարածքներու մէջ» վերնագիրով փաստաթուղթին: Դաւիթ Իշխանեան ըսած է, որ Ե.Խ.Խ.Վ.ի վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են Եւրոպական Խորհուրդի, Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի յայտարարութիւնները, ինչու չէ` Արցախի Ա.Ժ. խմբակցութիւններու մակարդակով եղած համատեղ յայտարարութիւնը, ուր կոչ ուղղուած էր` կողմնակալ մօտեցումներէ զերծ մնալու մասին: Խօսելով «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ գրաւուած այլ տարածքներու մէջ» վերնագիրով զեկոյցին մասին` որ մերժուեցաւ Ե.Խ.Խ.Վ.ի կողմէ, պատգամաւորը նշած է, որ լիագումար նիստին տարուող քննարկումներէն պարզ դարձաւ, որ անիկա պիտի չընդունուի: «Այդ զեկոյցն ինքնին անտրամաբանական էր ու շատ զարմանալի կը լինէր, որ հաստատուէր Ե.Խ.Խ.Վ.ի նման կառոյցի կողմից»,- նշած է Իշխանեան: Իսկ Մելիցա Մարկովիչի հեղինակած ու ընդունուած զեկոյցը, արցախցի պատգամաւորին համոզումով, կողմնակալ էր, կողմնակալ էին նաեւ այդ քուէարկութեան արդիւնքները: «Պարտուելու խնդիր չկայ, պարզապէս Ե.Խ.Խ.Վ.ն մէկ անգամ եւս ցոյց տուեց, որ ունի կողմնակալ վերաբերմունք Ղարաբաղի հարցում»,- նկատած է ան: Դաւիթ Իշխանեան ընդգծած է, որ ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ միջազգային ատեանները, մասնաւորապէս` Ե.Խ.Խ.Վ.ն, կը կանգնին կողմերէն մէկուն կողքին, որովհետեւ հարցը պատշաճ չեն ուսումնասիրեր, չեն տիրապետեր խնդիրի ողջ էութեան, չունին բաւարար հետաքրքրուածութիւն քննարկուող հարցին նկատմամբ, անտարբեր են: