altՀա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Շա­բաթ՝ 23 Յու­նո­ւա­րին, Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­րա­րա­տեան հայ­րա­պե­տա­կան թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, մաս­նակ­ցած է Ս. Սար­գիս Զօ­րա­վա­րի տօ­նին նո­ւի­րո­ւած հան­դի­սա­ւոր ձեռ­նար­կին, որ տե­ղի ու­նե­ցած է

  թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Նա­ւա­սարդ Արք. Կ­ճո­յեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ: Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւած է պե­տա­կան սահ­մա­նի ա­ռաջ­նա­գի­ծին վրայ գտնո­ւող ե­րի­տա­սարդ զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յող­նե­րու օրհ­նու­թեան կարգ:

Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի տնօ­րի­նու­թեամբ Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու օրհ­նու­թեան օր հռչա­կո­ւած Ս. Սար­գի­սի տօ­նին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նար­կին, զի­նո­ւոր­նե­րուն հետ ներ­կայ ե­ղած են ա­նոնց ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տը եւ բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­ներ: Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը տօ­նին ա­ռի­թով յղած է շնոր­հա­ւո­րա­կան խօսք մը, ո­րուն մէջ նշած է, թէ «­Զօ­րա­վար Սար­գի­սը զի­նո­ւո­րա­կա­նու­թեան, ե­րի­տա­սար­դու­թեան, սի­րոյ ու հա­ւա­տար­մու­թեան, այ­սինքն` ան­դա­ւա­ճան ըլ­լա­լու սուրբն էր: Ուս­տի, յատ­կա­պէս այ­սօր ես կ­՛ու­զեմ շնոր­հա­ւո­րել այս­տեղ ներ­կայ մեր զի­նո­ւոր­նե­րը, ո­րոնք զօ­րա­կո­չո­ւե­լով հայ­կա­կան բա­նակ, պարզ զի­նո­ւո­րէ կը վե­րա­ծո­ւին հայ­րե­նի­քի զի­նո­ւո­րի»: Խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կայ զի­նո­ւոր­նե­րուն, ծնող­նե­րուն եւ պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն` նա­խա­գահ Սարգ­սեան ը­սաւ, թէ` «Կ­՛ու­զեմ բո­լո­րիդ վստա­հեց­նել, որ մենք մեր հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, անվ­տան­գու­թիւ­նը եր­բեք ա­ռու­ծա­խի ա­ռար­կայ չենք դար­ձու­ցած ու չենք դարձ­ներ»: