21 Յու­նո­ւա­րին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի խմբակ­ցու­թիւն­նե­րը հան­դէս ե­կած են Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վի (ԵԽԽՎ) ձմեռ­նա­յին նստաշր­ջա­նի օ­րա­կար­գին վրայ ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հար­ցին առն­չո­ւող բա­նա­ձե­ւե­րու նա­խա­գի­ծե­րու ընդգրկման անդ­ րա­դար­ձող հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թեամբ, զոր ստո­րագ­րած են «­Հայ­րե­նիք», «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն», «­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն», «­Շար­ժում-88» եւ «­Վե­րած­նունդ» խմբակ­ցու­թիւն­նե­րը:

«Ե.Խ.Խ.Վ.ի ձմեռ­նա­յին նստաշր­ջա­նի օ­րա­կար­գին վրայ Ռո­պըրթ Ո­ւոլ­թը­րի «Բռ­նու­թեան ա­ճը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի այլ գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րուն մէջ», նաեւ՝ Մի­լի­ցա Մար­քո­վի­չի «Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը մի­տում­նա­ւոր զրկո­ւած են ջու­րէ» զե­կոյց­նե­րուն հի­ման վրայ պատ­րաստուած եր­կու բա­նա­ձե­ւե­րու նա­խա­գի­ծե­րուն ընդգր­կու­մը լուրջ ան­հանգս­տու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է Ար­ցա­խի հան­րա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն մօտ: «­Ղա­րա­բա­ղեան կող­մը միշտ ալ պատ­րաս­տա­կամ ե­ղած է մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցե­րուն մէջ, սա­կայն մենք ա­նըն­դու­նե­լի կը նկա­տենք միա­կող­մա­նի եւ կան­խա­կալ զե­կու­ցում­ներն ու ա­նոնց մէջ տեղ գտած ձե­ւա­կեր­պում­նե­րը: Ակնյայտ է, որ նշո­ւած զե­կու­ցում­նե­րը եւ նա­խա­գի­ծե­րը` Ե.Խ.Խ.Վ.ի չա­փա­նիշ­նե­րու եւ սկզբունք­նե­րու խախ­տու­մով, կազ­մո­ւած են միայն մէկ` ատրպէյ­ճա­նա­կան կող­մի տե­սա­կէտ­նե­րու հի­ման վրայ, հա­շո­ւի չառ­նե­լով հայ­կա­կան կող­մե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րը եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան-ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի լուծ­ման միակ մի­ջազ­գա­յին միջ­նորդ կա­ռոյ­ցի` Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը: «Ատըր­պէյ­ճա­նա­կան-ղա­րա­բա­ղեան զօր­քե­րու շփման գի­ծին վրայ լա­րո­ւա­ծու­թեան ա­ճի աս­տի­ճա­նը եւ, ա­պա, Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­տենչ կե­ցո­ւած­քին սա­տա­րող բա­նա­ձե­ւե­րու ըն­դու­նու­մը Պա­քո­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ո՛չ միայն կա­րե­լիու­թիւն կու տայ շա­րու­նա­կե­լու ան­տե­սու­մը լա­րո­ւա­ծու­թեան նո­ւա­զեց­ման ուղ­ղու­թեամբ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն, այ­լեւ կրնայ ըն­կա­լո­ւիլ իբ­րեւ տագ­նա­պը ու­ժա­յին մի­ջոց­նե­րով լու­ծե­լու քարթ-պլանշ:

«Ո­րե­ւէ կողմ­նա­կալ, մի­ջազ­գա­յին միջ­նորդ­նե­րու հետ չհա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւն կրնայ խախ­տել այն փխրուն հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը, որ ներ­կա­յիս լա­րո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը կը բաժ­նէ լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազ­մէ: «Ն­կա­տի առ­նե­լով վե­րոն­շեա­լը եւ ըն­դու­նե­լով Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դը` իբ­րեւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, ի­րա­ւա­կան պե­տու­թեան եւ օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան սկզբունք­նե­րու տա­րած­ման յա­ռա­ջա­տար կա­ռոյց, մենք` Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի բո­լոր պատ­գա­մա­ւո­րա­կան խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներս, կոչ կ­՛ուղ­ղենք Խորհր­դա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վի մեր յար­գար­ժան գոր­ծըն­կեր­նե­րուն` հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լա­լու Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի նպա­տակ­նե­րուն եւ ա­ռա­քե­լու­թեան եւ զերծ մնա­լու շրջա­նի կա­յու­նու­թիւնն ու խա­ղա­ղու­թիւ­նը վտան­գող փաս­տա­թուղ­թե­րու ըն­դու­նու­մէն»: