Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, շարք մը բնագաւառներու մէջ, շնորհուած են Հայաստանի Հանրապետութեան 2015 թուականի պետական մրցանակներ` հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2002 թուականի Օգոստոս 22ի «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մրցանակներ հիմնելու եւ շնորհելու կարգի մասին» ՆՀ-1164-Ն հրամանագիրը,
նաեւ՝ հաշուի առնելով պետական մրցանակներու յանձնախումբերու առաջարկութիւնները: Յունուար 20ին, նախագահի նստավայրին մէջ, տեղի ունեցած է մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հ.Հ. նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան 2015 թուակաի պետական մրցանակներ շնորհուած են գրականութեան եւ արուեստի, ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան, ճշգրիտ եւ բնական գիտութիւններու բնագաւառներուն մէջ: Գրականութեան եւ արուեստի բնագաւառի շարք մը ոլորտներու մէջ` գրականութեան եւ հրապարակախօսութեան, երաժշտութեան եւ շարժանկարի արուեստի, պետական մրցանակներու արժանացած են.-
- Յակոբ Յակոբեան (Յակոբ Մովսէս)` «Եօթներորդ որսորդութիւն» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին համար (գրականութեան եւ հրապարակախօսութեան ոլորտ),
- Վարդան Աճէմեան` «Հնչիւնի թատրոն» լարային նուագախումբի, կոսերու (թմբուկ) եւ դաշնամուրի համար» ստեղծագործութեան համար (երաժշտութեան ոլորտ),
- Վահէ Կեւորկով (բեմադրիչ), Սամուէլ Բաբասեան (համակարգող), Հայկ Բադալեան (համակարգող), Աննա Դերձակեան (բեմագրութեան հեղինակ) եւ Արթուր Փարսեան (մոնթաժող)` «Արմէնիա». ծովից ծով» վաւերագրական ժապաւէնի համար (շարժանկարի արուեստի ոլորտ):
- Ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան բնագաւառին մէջ պետական մրցանակի արժանացած են Նարեկ Սարգսեան (ճարտարապետ), Փոլ Չաթալբաշեան (կառուցանող) եւ Ստեփան Ախոյեան («Սպիտակ Տնակ» Ս.Պ.Ը.ի տնօրէն)` Երեւանի Վազգէն Սարգսեան փողոցին մէջ կառուցուած կառավարական վարչական համալիրին համար:
- Ճշգրիտ եւ բնական գիտութիւններու բնագաւառին մէջ պետական մրցանակ շնորհուած է Աշոտ Սաղեանին, Աննա Մկրտչեանին եւ Հայարփի Սիմոնեանին` «Նոր սերունդի ոչ սպիտակուցային ամինաթթուներու արդիւնաւէտ փոքրածաւալ արտադրական տեխնոլոգիա» աշխատանքի համար: