altԱշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ ­­­Յու­նաս­տան գտնուող ­­­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ, ­­­Հա­յաս­տան-­­­Յու­նաս­տան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի ղե­կա­վար Է­դո­ւարդ ­­­Շար­մա­զա­նով, 20 ­­­Յու­նո­ւա­րին, հան­դի­պում ու­նե­ցած է ­­­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­­­Նի­քո­

լաոս ­­­Վութ­սի­սի հետ:

Է. ­­­Շար­մա­զա­նով կա­րե­ւոր նկա­տած է հայ-յու­նա­կան բազ­մա­դա­րեան ջերմ եւ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը` յոյս յայտ­նե­լով, որ միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը աս­կէ ետք եւս պի­տի շա­րու­նա­կեն զար­գա­նալ:

«­­­Նա­խորդ դա­րաս­կիզ­բին հա­յե­րը եւ յոյ­նե­րը, իբ­րեւ քրիս­տո­նեա­նե­րու, ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կո­ւե­ցան օս­մա­նեան ­­­Թուր­քիոյ մէջ:

­­­Մենք բարձր կը գնա­հա­տենք ­­­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­­­Հա­յոց ­­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու փաս­տը, իսկ հե­տա­գա­յին` ցե­ղա­պաշ­տու­թեան եւ այ­լա­տեա­ցու­թեան դէմ օ­րի­նա­գի­ծի ըն­դու­նու­մը, ո­րուն մի­ջո­ցով քրէա­կա­նացուե­ցաւ նաեւ ­­­Հա­յոց ­­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը: ­­­Պէտք է նշել, որ տա­կա­ւին օս­մա­նեան ­­­Թուր­քիոյ մէջ ­­­Հայ­կա­կան ­­­Հար­ցը հա­յե­րուն հետ ա­ռա­ջին ան­գամ ար­ծար­ծած են օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նի յոյն ան­դամ­նե­րը: ­­­Հա­յե­րը եւ յոյ­նե­րը պէտք է միաց­նեն ի­րենց ջան­քե­րը՝ թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ»,- յայտ­նած է Է­դուարդ ­­­Շար­մա­զա­նով:

­­­Նի­քո­լաոս ­­­Վութ­սիս գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նած է այն մա­սին, որ ան­ցեալ տա­րո­ւան 24 ­­­Մար­տին ­­­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նած է օս­մա­նեան ­­­Թուր­քիոյ մէջ յոյ­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը: Անդ­րա­դառ­նա­լով ­­­Լեռ­նա­յին ­­­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պին լուծ­ման` Հ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գա­հը ընդգ­ծած է, որ ­­­Հա­յաս­տան այս հար­ցին լու­ծու­մը կը տես­նէ բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով` Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­­­Մինս­քի Խմ­բա­կի ձե­ւա­չա­փով: Ան ա­նըն­դու­նե­լի նկա­տած է բա­նակ­ցա­յին ձե­ւա­չա­փի փո­փո­խու­թեան փոր­ձե­րը:

­­­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը իր կար­գին հաս­տա­տած է, որ ­­­Յու­նաս­տան ամ­բող­ջո­վին կը սա­տա­րէ Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­­­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ջան­քե­րուն:

Եր­կուս­տեք կա­րե­ւոր նկա­տած են փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը եւ գործ­նա­կան սերտ կա­պե­րու ամ­րապն­դու­մը: