­altՔա­շա­թա­ղի շրջա­նի Ա­ղաւ­նօ հա­մայն­քին մէջ կա­ռու­ցո­ւող 50 ա­ռանձ­նա­տու­նե­րէն 26ը ար­դէն օգտա­գործ­ման յանձ­նո­ւած են:

­­Վե­րաբ­նա­կեց­ման գօ­տիի զար­գաց­ման ծի­րին մէջ ծրա­գի­րը կեան­քի կը կո­չո­ւի Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան, «ARI» ըն­կե­րու­թեան եւ Ար­ցա­խի ներդ­րու­մա­յին Հիմ­նադ­

րա­մի հա­մա­ֆի­նան­սա­ւո­րու­մով:

Ա­ղաւ­նո­յի բնա­կիչ­նե­րը պի­տի ու­նե­նան մշտա­կան ջուր: Ծ­րա­գի­րը ե­ռա­փուլ է, իւ­րա­քան­չիւր փու­լի կը նա­խա­տե­սո­ւի կա­ռու­ցել 50 բնա­կե­լի ա­ռանձ­նա­տուն: ­­Շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը սկսած էին 2013 թո­ւա­կա­նին, զորս կ­­՝ի­րա­կա­նաց­նեն «Ար­գիշ­տի», «­­Մեխտ­րանս­պորտ», «Է­լիտստ­րօ», «Եւ­րոստ­րօ», «Ար­մէն-շին», «­­Դե­նարտ», «Ստ­րոյ­գի­գանտ» կա­պա­լա­ռու ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը: Ն­շենք, որ «ԱՐԻ»ն ­հիմ­նադ­րո­ւած է 2009 թո­ւա­կա­նին լի­բա­նա­նա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րու կող­մէ` Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ­­Քա­շա­թա­ղի եւ ­­Շա­հու­մեա­նի շրջան­նե­րու գիւ­ղատն­տե­սու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու նպա­տա­կով: Այս շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը 2010 թո­ւա­կա­նէն կ­­՝օգ­տո­ւին ըն­կե­րու­թեան նպա­տա­կա­յին փո­խա­ռու­թեամբ տրա­մադ­րո­ւող նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րէն: 6 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին «ԱՐԻ»ն, «­­Գիւ­ղի եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան հիմ­նադ­րամ»ի մի­ջո­ցով ­­Քա­շա­թա­ղի ու ­­Շա­հու­մեա­նի շրջան­նե­րուն մէջ շուրջ 1 մի­լիառ 260 մի­լիոն դրա­մի ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է` ար­տօ­նեալ պայ­ման­նե­րով փո­խա­ռու­թիւն­ներ տրա­մադ­րե­լով ա­ւե­լի քան 1000 ըն­տա­նիք­նե­րու: Ա­ւե­լի ուշ ըն­կե­րու­թիւ­նը ընդ­լայ­նած է ներդ­րում­նե­րու շրջա­նա­կը` Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան հետ հա­մա­տեղ մաս­նակ­ցե­լով Ա­ղաւ­նո­յի մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող բնա­կա­րա­նա­շի­նու­թեան ծրա­գի­րին: ­­Նա­խա­տե­սո­ւող 150 տու­նե­րէն 50ին կա­ռու­ցու­մը կը մօ­տե­նայ ա­ւար­տին, ո­րուն «ԱՐԻ» ­կը մաս­նակ­ցի շուրջ 900 մի­լիոն դրա­մի ներդ­րու­մով: