«Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նի թղթա­կից Սար­գիս Յա­րու­թիւ­նեա­նի հետ ու­նե­ցած հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ Մար­գա­րեան ը­սած է, որ հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մաս կազ­մե­լու առն­չու­թեամբ շուրջ եր­կու օր ա­ռաջ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցած են հան­րա­պե­ տու­թեան նա­խա­գահ եւ իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ:

«­Մենք մին­չեւ վեր­ջին հան­րա­քո­ւէն, երբ մե­զի կ­՛ը­սէին, մենք կ­՛եր­դո­ւէինք, որ ոչ մէկ խօ­սակ­ցու­թիւն կայ մեր եւ իշ­խա­նու­թեան մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան հար­ցով: Մենք ա­տի­կա միշտ ը­սած ենք: Մին­չեւ այս պա­հը, որ ես ձե­զի հետ կը խօ­սիմ, նման ո­րե­ւէ բան մեր մէջ տե­ղի չէ ու­նե­ցած եւ չ­՛ու­նե­նար:

Այ­սօր կ­՛ը­սեմ, որ այ­սօր տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ, եւ ես պա­հե­լու խնդիր չու­նիմ: Հար­ցը այն է, որ, ա­յո՛, մենք պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ գա­ցած ենք նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան ըն­դուն­ման: Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր վրայ մեծ բեռ վեր­ցու­ցած է, Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը մեծ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն վեր­ցու­ցած է` հա­մո­զու­մով, հա­ւատ­քով եր­թա­լու սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն: Եւ այ­սօր մենք չենք կրնար պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն չկրել այդ ա­ռու­մով, այդ սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծե­լու ա­ռու­մով, այդ սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը կեան­քի վե­րա­ծե­լու ի­մաս­տով: Այդ պատ­ճա­ռով մենք հա­մա­ձայն ենք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան»,- ը­սած է Հ­րանդ Մար­գա­րեան:

Ա­նոր հա­մա­ձայն, ա­ռայժմ դժուար է ը­սել, թէ հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իշ­խա­նու­թեան հետ ի՞նչ ձեւ պի­տի ստա­նայ, ո­րով­հե­տեւ տա­կա­ւին կը գտնո­ւին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու նախ­նա­կան հանգ­րո­ւա­նին մէջ: Ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յա­ցո­ւած է, «եւ մե­զի հա­մար ա­տի­կա սկզբուն­քօ­րէն ըն­դու­նո­ւած է, որ պէտք է ու­նե­նանք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն` սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը կեան­քի վե­րա­ծե­լու ի­մաս­տով: Բայց ու­րիշ ո­րե­ւէ խօ­սակ­ցու­թիւն ա­ռայժմ տե­ղի չէ ու­նե­ցած»:

Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը յստակ պա­տաս­խան չէ տուած այն հար­ցու­մին, թէ իշ­խող հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մաս պի­տի կազ­մեն 2017ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռա՞ջ, թէ՞ ետք: «Ես տա­կա­ւին չեմ կրնար ը­սել, ո­րով­հե­տեւ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ի­րա­կան հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կրնայ ըլ­լալ, որ կազ­մո­ւի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք: Ո­րով­հե­տեւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը խորհրդա­րա­նին մէջ մե­ծա­մաս­նու­թիւն ու­նե­նա­լու հա­մար պէտք է ի­րա­րու կա­րիք ու­նե­նան: Ա­տի­կա է ի­րա­կան հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը»:

Ան­ցեալ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կա­բար կը պնդէր, որ իշ­խող հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն կը մտնէ միայն իր ա­ռա­ջադ­րած եօ­թը կէ­տե­րուն կա­տա­րու­մէն ետք: Հ­րանդ Մար­գա­րեան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին չյստա­կա­ցուց` ար­դեօք այդ պա­հանջ­նե­րը կա­տա­րո­ւա՞ծ են. չման­րա­մաս­նեց նաեւ, թէ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ Հ.Յ.Դ.ին ի՞նչ պաշ­տօն­ներ պի­տի տրո­ւին:

«Ես կը կար­ծեմ, որ ժո­ղո­վուր­դը յու­սա­հա­տած է քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րէն, բայց ժո­ղո­վուր­դը նաեւ ճամ­բայ ցոյց կու տայ: Ժո­ղո­վուր­դը ցոյց կու տայ այն ճամ­բան, ո­րուն մա­սին կը խօ­սինք մենք ար­դէն քա­նի մը տա­րիէ ի վեր. որ, ա­յո՛, մենք ու­րիշ ելք չու­նինք, բա­ցի այն, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով պէտք է իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն տե­ղի ու­նե­նայ: Եւ ա­տի­կա կա­րե­լի է, եւ կա­րե­լի է»:

Երբ թղթա­կի­ցը իր զրու­ցա­կի­ցին յի­շե­ցուց, որ 1991էն ի վեր ընտ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով եր­բեք իշ­խա­նու­թիւն չէ փո­խո­ւած, իսկ ընդ­դի­մա­դիր­ներն ալ միշտ պնդած են, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րը կեղ­ծո­ւած են, Մար­գա­րեան ար­ձա­գան­գեց.- «­Հի­մա ես չեմ կրնար ը­սել, որ 1991էն մին­չեւ այ­սօր ընտ­րու­թիւն­նե­րը նոյն չա­փով, նոյն տա­րո­ղու­թեամբ, նոյն խո­րու­թեամբ, նոյն մե­ծու­թեամբ կը կեղ­ծո­ւին: Ես հա­ւա­տա­ցած եմ, որ օ­րէ օր ժո­ղո­վուր­դին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, աշ­խու­ժու­թեան չա­փը կը մեծ­նայ: Կ­՛ըն­դու­նիմ, որ կը կեղ­ծո­ւին, բայց ես կը տես­նեմ նաեւ զար­գաց­ման հո­լո­վոյթ»:

Սահ­մա­նադ­րա­կան հան­րա­քուէէն ետք ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը յայ­տա­րա­րե­ցին, որ ա­նոր ար­դիւնք­նե­րը կեղ­ծո­ւած են։ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը չբա­ցա­ռեց, որ կեղ­ծիք­ներ ե­ղած են` պնդե­լով, սա­կայն, որ հան­րա­քո­ւէն կա­յա­ցած է:

«­Բո­լոր ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին կեղ­ծիք ե­ղած է` ան­շուշտ այդ­պէս է: Բայց կեղ­ծել բա­ռը շատ բա­ցար­ձակ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն է եւ վտան­գա­ւոր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն է: Իս­կա­պէս, երբ մենք այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կ­՛ը­սենք, որ, ա­յո՛, մենք կ­՛ըն­դու­նինք, որ կեղ­ծիք ե­ղած է, բայց կեղ­ծի­քը ի՞նչ չա­փով ե­ղած էՄենք ի վի­ճա­կի չենք այդ գնա­հա­տա­կա­նը տա­լու, ա­սի­կա փաստ է: Դիւ­րին է ը­սել` կեղծուած է... 90 առ հա­րիւ­րո՞վ, 95 առ հա­րիւ­րո՞վ, թէ՞ 51 առ հա­րիւ­րով, թէ՞ 48 առ հա­րիւ­րով... Ոչ ոք չա­փե­լու միա­ւոր ու­նի: Ա­սի­կա ոչ թէ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պա­րա­գա­յին էր: Նա­խորդ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պա­րա­գա­յին էր, երբ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կ­՛ը­սէր, որ կեղ­ծո­ւած ե­ղած է, յայ­տա­րա­րու­թիւն տո­ւած է, բայց ար­դիւնք­նե­րը ըն­դու­նած է, ո­րով­հե­տեւ այլ ելք չէ ե­ղած»: