altՀա­յաս­տա­նի մէջ օ­րէն­քով պի­տի ար­գի­լո­ւի սե­ռա­կան խտրա­կա­նու­թեան հի­ման վրայ կա­տա­րո­ւող յղու­թեան ար­հես­տա­կան ընդ­հա­տու­մը:

Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի քննարկ­ման ներ­կա­յա­ցու­ցած է «­Մար­դու վե­րար­տադ­րո­ղա­կան ա­ռող­ջու­թեան եւ վե­րար­տադ­րո­ղա­կան ի­րա­

ւունք­նե­րի մա­սին» Հ.Հ. օ­րէն­քին մէջ փո­փո­խու­թիւն կա­տա­րե­լու մա­սին, «­Վար­չա­կան ի­րա­ւա­խախ­տում­նե­րի վե­րա­բե­րեալ» Հ.Հ. օ­րէնսգր­քին մէջ լրա­ցում­ներ կա­տա­րե­լու մա­սին օ­րէնք­նե­րու նա­խա­գի­ծնե­րու ծրա­րը, ո­րու մի­ջո­ցաւ կ­՝ա­ռա­ջար­կո­ւի ար­գի­լել սե­ռա­յին խտրա­կա­նու­թեան հի­մուն­քով կա­տա­րուած յղու­թեան ընդ­հա­տու­մը: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Armenpress.am։

Իբ­րեւ հիմ­նա­ւո­րում կը նշո­ւի այն հան­գա­ման­քը, որ Մ.Ա.Կ.ի Բ­նակ­չու­թեան Հիմ­նադ­րա­մի տո­ւեալ­նե­րով՝ ծնունդ­նե­րու բնա­կա­նոն սե­ռա­յին յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւն կը հա­մա­րո­ւի 102-106 տղայ, իւ­րա­քան­չիւր 100 աղ­ջիկ նո­րա­ծին­նե­րու հա­շի­ւով: Մինչ­դեռ «­Նո­րա­ծին­նե­րի սե­ռե­րի ան­հա­մա­մաս­նու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նում. ժո­ղովր­դագ­րա­կան տո­ւեալ­ներ եւ վեր­լու­ծու­թիւն» հե­տա­զօ­տու­թեան տուեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն` Հա­յաս­տա­նի մէջ այս յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւ­նը էա­կա­նօ­րէն խախ­տո­ւած է, որ ի յայտ ե­կած է դեռ 1990ա­կան­նե­րուն:

Ն­ման ան­հա­մա­մաս­նու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մը կա­պո­ւած է ինչ­պէս հայ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ տղայ ե­րե­խա­յին նա­խա­պատ­ւու­թիւն տա­լու, ըն­տա­նի­քին եւ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ տղու դե­րին եւ նշա­նա­կու­թեան մա­սին ձե­ւա­ւո­րո­ւած պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն հետ, այն­պէս ալ բժշկա­կան ճար­տա­րա­գի­տու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման իբ­րեւ ար­դիւնք ա­պա­գայ ե­րե­խա­յի սե­ռը պար­զե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան ստեղ­ծու­մին հետ:

Ծ­նունդ­նե­րու բնա­կա­նոն հա­մա­րո­ւող սե­ռա­յին յա­րա­բե­րակ­ցու­թեան շե­ղում­նե­րը ներ­կա­յիս Հ.Հ.ի մէջ վտան­գա­ւոր սահ­մա­նա­գի­ծի հա­սած են եւ դար­ձած լուրջ ժո­ղովր­դագ­րա­կան սպառ­նա­լիք: 2011 թո­ւա­կա­նի դրու­թեամբ ա­նի­կա կազ­մած է 114 տղայ նո­րա­ծին` իւ­րա­քան­չիւր 100 աղ­ջիկ նո­րա­ծին­նե­րու հա­շի­ւով: Այս ցու­ցա­նի­շով Հա­յաս­տան յայտ­նո­ւած է սե­ռի հետ կա­պո­ւած յղու­թեան ընդ­հատ­ման վա­տա­գոյն ցու­ցա­նիշ­ներ ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րու շար­քինՉի­նաս­տան, Հնդ­կաս­տան, Ատր­պէյ­ճան, Ալ­պա­նիա):

Ա­ւե­լի՛ն, եր­րորդ եւ յա­ջորդ ե­րե­խա­նե­րու պա­րա­գա­յին այդ ցու­ցա­նի­շը շատ ա­ւե­լի բարձր է (2008-2012 մի­ջին ցու­ցա­նի­շը կազ­մած է` 164 տղայ, 100 աղջ­կայ դի­մաց): Խն­դի­րը յատ­կա­պէս ար­տա­յայ­տո­ւած է մար­զե­րու մէջԳե­ղար­քու­նիք, Ա­րա­գա­ծոտն, Ար­մա­վիր):

Ծ­նունդ­նե­րու նման սե­ռա­յին յա­րա­բե­րակ­ցու­թեան հե­տա­գայ շա­րու­նակ­ման պա­րա­գա­յին կը կան­խա­տե­սո­ւի սե­ռա­կան խզում, ո­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք մին­չեւ 2060 թո­ւա­կա­նը չեն ծնիր 92.932 աղ­ջիկ­ներ, ինչ որ իր հեր­թին պի­տի յան­գի ծնունդ­նե­րու թի­ւի ա­ռա­ւել կրճատ­ման եւ, իբ­րեւ հե­տե­ւանք, բնակ­չու­թեան ընդ­հա­նուր թի­ւի նո­ւազ­ման: Կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած օ­րէնսդ­րա­կան ծրա­րով՝ կ­՝ա­ռա­ջար­կո­ւի օ­րէնսդ­րօ­րէն ար­գի­լել սե­ռա­յին նա­խա­սի­րու­թեան հետ կա­պո­ւած յղու­թեան ընդ­հա­տում­նե­րը, սահ­մա­նել յղու­թեան ար­հես­տա­կան ընդ­հա­տում­նե­րու կրճատ­ման ուղ­ղո­ւած օ­րէնսդ­րա­կան լրա­ցու­ցիչ կար­գա­ւո­րում­ներ եւ մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­ներ: