«Նիուզ».- ԼՂՀ քաղաքացիական վարչութեան պետ Տմիթրի Ատպաշեան Յունիս 22ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին հաստատած է այն լուրերը, ըստ որոնց ԼՂՀ քաղաքացիական թռիչքներու վարչութիւնը թրքական ճարտարագիտական սարքեր գնած են Ստեփանակերտի օդակայանին համար:
«Մենք թուրքական «Տեմիրճի Մաքինա» ընկերութիւնից մետաղական ցանց գործելու հաստոց ենք գնել Ստեփանակերտի օդանաւակայանի համար: Նիւթական առումով դա շահաւէտ գործարք էր, ընկերութիւնն էլ, որ առաքել է դա, լաւն է», նկատած է Ատպաշեան:
Ըստ Ատպաշեանի՝ եւրոպական նման սարքերուն համեմատ թրքական ընկերութեան սարքերը քանի մը անգամ աւելի աժան եղած են։
Ատպաշեանի հաւաստիացումով՝ թրքական արտադրանք առնելու նշեալ քայլը առեւտրական բնոյթի գործարք էր եւ քաղաքական որեւէ իմաստ պէտք չէ փնտռել անոր մէջ:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը յայտարարութեան, թէ այս գործարքը կը հարուածէ Թուրքիոյ ներքաղաքական շահերուն, Ատպաշեան ըսած է՝ «Եթէ ատիկա Թուրքիոյ ԱԳՆ դժգոհութիւնն է, թող իրենք ալ պարզեն իրենց ընկերութեան հետ, մենք ի՞նչ կապ ունինք»:
Նշենք, որ ատրպեճանական «Զիերքըլը» թերթի հետ զրոյցի ընթացքին Թուրքիոյ ԱԳՆ բարձրաստիճան պաշտօնատարը դժգոհութիւնը յայտնած էր, որ թրքական ընկերութիւնը կը մասնակցի Ստեփանակերտի օդակայանի սպառազինման: