Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող եւ յաջողած ծրագիրներէն մէկը «Սօսէ» մանկապարտէզներու ծրագիրն է: Ներկայիս Արցախի մէջ կը գործեն 8 մանկապարտէզներ՝ Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մեծ Թաղերի, Տողի, Ակնաբերդի, Աշանի, Խնձրիստանի եւ Քարեգահի մէջ:
Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի շէնքը վերջին տարիներուն կը գտնուի բաւական անմխիթար վիճակի մէջ՝ տարբեր իմաստներով։ Ապրիլ 2014ին Լեռնային Ղարաբաղի «Սէյսմիկ ծառայութեան» գրասենեակը շէնքը նկատած է վթարային եւ մանկապարտէզը փակելու պահանջ ներկայացուցած է: Հ.Օ.Մ.ի Արցախի միաւորի եւ միութեան աշխարհասփիւռ կառոյցին կողմէ անմիջապէս կեանքի կոչուած է միասնական ջանքերով նոր մանկապարտէզ կառուցելու ծրագիրը: Այսօր արդէն Հ.Օ.Մ.ի կողմէ կատարուած դրամահաւաքին շնորհիւ, հիմնովին նոր մանկապարտէզ կը կառուցուի: Շինարարութեան ընթացքին եւ դրամահաւաքի կազմակերպման աշխատանքներուն մասին խօսած է Արցախի մեկուսի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան։
«2015 թուականը նշանակալից էր Արցախի Հ.Օ.Մ.ի միաւորի համար, որովհետեւ Հ.Օ.Մ.ի Կենտրոնական Վարչութիւնն որոշում է կայացրել՝ նախաձեռնելու Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի շէնքի կառուցումը: Եւ ինչպէս շատերն են ականատես, շինարարութիւնը բնականոն ընթացքի մէջ է», յայտնած է Արմինէ Յարութիւնեան՝ աւելցնելով.- «Արդէն գրեթէ աւարտած է շէնքի 2րդ յարկի շինարարութիւնը, սակայն եղանակային անբարենպաստ պայմանների հետ կապուած՝ շինարարութիւնը ժամանակաւորապէս դադարեցուել է: Եղանակային պայմանների բարելաւումից անմիջապէս յետոյ, շինարարութիւնը նորից կը շարունակուի եւ 2017 թուականի գարնանը մանկապարտէզը շահագործման է յանձնուելու»:
Ներկայիս «Սօսէ» մանկապարտէզը կը գործէ ժամանակաւոր կերպով տրամադրուած վայրին՝ Ստեփանակերտի նախկին 6րդ դպրոցի մասնաշէնքերէն մէկուն մէջ: