­altՅու­նո­ւար 14ի ժա­մը 10.00ի տո­ւեալ­նե­րով` սուր շնչա­ռա­կան վա­րակ­նե­րով հի­ւանդ­նե­րուն թիւ­նը 948 է, ո­րոնց­մէ 796ը` 0-18 տա­րե­կան: ­Թո­քա­բոր­բով հի­ւան­դա­նոց տե­ղա­փո­խո­ւած­նե­րը 422ն­ են, ո­րոնց­մէ 199ը` 0-18 տա­րե­կան: ­Սուր շնչա­ռա­կան վա­րակ­նե­րով եւ թո­քա­բոր­բե­րով հիւ­նա­դա­նոց տե­ղա­փո­խո­ւած է 144 յղի: ­Վե­րա­կեն­դա­նաց­ման բա­ժան­

մուն­քի մէջ կը բու­ժո­ւի 92 հի­ւանդ: ­Նա­խա­րա­րու­թեան տո­ւեալ­նե­րով՝ որ H1N1 վա­րա­կէն մա­հա­ցած է 11 հի­ւանդ, ո­րոնց­մէ 3ը` 2015 թո­ւա­կա­նին: ­Միա­ժա­մա­նակ, Հ.Հ. ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րի հրա­մա­նով հի­ւան­դա­նո­ցա­յին բժշկա­կան օգ­նու­թիւն եւ սպա­սար­կում պա­հան­ջող, կրի­փի վա­րա­կի հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած բար­դու­թիւն­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ հի­ւան­դա­նոց տե­ղա­փո­խո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան բնակ­չու­թեան բո­լոր ըն­կե­րա­յին եւ տա­րի­քա­յին խում­բե­րուն պատ­կա­նող ան­ձե­րուն հա­մար բուժ­ման հա­տու­ցու­մը կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւի պե­տու­թեան կող­մէ ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած անվճար բժշկա­կան օգ­նու­թեան եւ սպա­սարկ­ման հաշւոյն: