altՀ.Հ. Ազ­գա­յին Ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­մա­տու­նի ­Վի­րա­բեան 13 ­Յու­նո­ւա­րին «Ար­մէնփ­րես» մամ­լոյ սրա­հին մէջ տո­ւած ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին յայտ­նած է, որ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւը կը նա­խա­տե­սէ հրա­պա­րա­կել ­Թուր­քիոյ հայ­կա­կան վան­քե­րու կա­լո­ւած­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թեր։

«Այ­սօր շատ է խօս­ւում ­Թուր­քիա­յի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րի կա­լո­ւած­քի մա­սին: ­Գի­տենք, որ ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը կա­լո­ւած­նե­րը վե­րա­դարձ­նե­լու նպա­տա­կով դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցի մէջ է: 2016 թո­ւա­կա­նին կը հրա­պա­րա­կո­ւի գիրք, որ­տեղ կը ներ­կա­յա­ցո­ւեն ­Թուր­քիա­յում առ­կայ բո­լոր վան­քե­րի կա­լո­ւած­նե­րի մա­սին տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն: ­Դա բա­ւա­կան ար­ժէ­քա­ւոր տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն է: ­Մենք ներ­կա­յաց­նե­լու ենք հէնց թուր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րի կող­մից տրո­ւած փաս­տաթղ­թե­րը՝ օս­մա­նե­րէ­նով գրո­ւած»,- ը­սած է Ա­մա­տու­նի ­Վի­րա­բեան: Ան ը­սած է, որ գիր­քը պի­տի ըլ­լայ հա­յե­րէն եւ օս­մա­նե­րէն՝ տե­ղե­կաց­նե­լով, որ աշ­խու­ժօ­րէն կ­՛աշ­խա­տին եւ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին այլ եր­կիր­նե­րու Ազ­գա­յին Ար­խիւ­նե­րու հետ:

«Աշ­խա­տում ենք Ի­տա­լիա­յի, Ֆ­րան­սիա­յի, Ի­րա­նի, Վ­րաս­տա­նի, ­Ռու­սաս­տա­նի, ­Սեր­բիա­յի, ­Լե­հաս­տա­նի եւ այլ երկր­նե­րի Ազ­գա­յին Ար­խիւ­նե­րի հետ: ­Ռու­սաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քում ըն­թա­ցիկ տա­րում կը հրա­տա­րա­կո­ւի «­Կով­կա­սեան ռազ­մա­ճա­կատ. 1914-1918» ժո­ղո­վա­ծուն, ո­րը նե­րա­ռե­լու է տա­րա­ծաշր­ջա­նի բնակ­չու­թեան, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին նիւ­թեր: Գր­քում տեղ են գտնե­լու ռազ­մա­կան հե­տա­զա­խու­զու­թեան նիւ­թե­րը, ո­րոնք պատ­մե­լու են թուր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի մա­սին, թէ ինչ­պէ՞ս են հա­յե­րին ար­տաք­սել, ոչն­չաց­րել, ճա­նա­պարհ­նե­րին հա­յե­րի վրայ յար­ձա­կում­ներ կազ­մա­կեր­պել»,- ը­սած է ­Վի­րա­բեան:

Ան նաեւ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի ա­ւար­տի Ազ­գա­յին Ար­խի­ւի ժա­պա­ւէն­նե­րու թո­ւայ­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը: «Այս տա­րի կի­նոն­կար­նե­րի թո­ւայ­նա­ցու­մը կ­՛ա­ւար­տենք, մնա­ցել է մօտ 500 կի­նոն­կար: ­Դա էլ կ­՛ա­ւար­տենք ու ար­դէն կա­րող ենք ա­սել, որ ամ­բողջ կի­նո­հա­ւա­քա­ծուն ու­նենք ե­լեկտ­րո­նա­յին տար­բե­րա­կով»,- ը­սած է ան:

Ազ­գա­յին Ար­խի­ւին մէջ պա­հո­ւող հնա­գոյն ժա­պա­ւէ­նը 1911 թո­ւա­կա­նին նկա­րա­հա­նո­ւած Իզ­միր­լեան ­Կա­թո­ղի­կո­սի թաղ­ման տե­սա­նիւթն է: Ան­կէ բա­ցի, կը պա­հո­ւի նաեւ ա­ռա­ջին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ժա­պա­ւէ­նը՝ 1925 թո­ւա­կա­նին պատ­րաս­տո­ւած «­Նա­մուս»ը, ինչ­պէս նաեւ՝ ան­կէ ետք պատրաս­տո­ւած ժա­պա­ւէն­նե­րը: Ա­մա­տու­նի ­Վի­րա­բեա­նի հա­մա­ձայն՝ ա­մէն պա­րա­գա­յի ժա­պա­ւէն­նե­րը պի­տի մնան: «Ար­դէն մի քա­նի տա­րի է շա­րու­նակ­ւում է ար­խի­ւա­յին փաս­տաթղ­թե­րի թո­ւայ­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը:

Դ­րա շնոր­հիւ տե­ղե­կու­թիւնն ա­ռա­ւել հա­սա­նե­լի է դառ­նում: ­Թո­ւայ­նաց­ւում են ոչ միան փաս­տաթղե­րը, այ­լեւ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կար­նե­րը, ձայ­նագ­րու­թուն­նե­րը, լու­սան­կար­նե­րը»,- ը­սած է ան: