­altՀա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան, 13 Յու­նո­ւա­րին, մաս­նակ­ցած է 2015 թո­ւա­կա­նի ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան ըն­թաց­քին հին­գե­րորդ բա­նա­կա­յին զօ­րա­միա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­նե­րու ար­դիւնք­նե­րու ամ­փոփ­ման նո­ւի­րո­ւած զի­նո­ւո­րա­կան խոր­հուր­դի նիս­տին, ո­րու ըն­թաց­քին հա­շո­ւե­տու զե­կու­

ցում­նե­րով հան­դէս ե­կած են զօ­րա­միա­ւոր­ման հրա­մա­նա­տա­րի տե­ղա­կալ­նե­րը:

Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ նիս­տի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է զօ­րա­հա­ւա­քի պատ­րաս­տո­ւա­ծու­թեան, մար­տա­կան հեր­թա­պա­հու­թեան ու պատ­րաս­տու­թեան եւ զի­նո­ւո­րա­կան կար­գա­պա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման հար­ցե­րու կա­տա­րե­լա­գործ­ման մի­տող աշ­խա­տանք­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն: Լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւած է այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ ա­ւե­լիով բարձ­րա­ցած է զօր­քե­րու մար­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան եւ ա­ռա­ջադ­րո­ւած մար­տա­կան խնդիր­նե­րուն ան­մի­ջա­կան կեր­պով ար­ձա­գան­գե­լու աս­տի­ճա­նը, լուրջ ու­շադ­րու­թիւն դար­ձո­ւած է յատ­կա­պէս սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րու կա­տա­րե­լա­գործ­ման: Զե­կու­ցող­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են նաեւ զօ­րա­միա­ւոր­ման են­թա­կայ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու մէջ մար­տա­կան հեր­թա­պա­հու­թեան նա­խա­պատ­րաստ­ման եւ կրման կազ­մա­կերպ­ման, ա­նոր վե­րահըսկ­ման հո­լո­վոյ­թին, ծրագ­րո­ւած եւ գոր­ծադ­րո­ւած երկ­րա­չա­փա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ո­րա­կին: Ամ­փո­փե­լով զի­նո­ւո­րա­կան խոր­հուր­դի նիս­տը` պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան բարձր գնա­հա­տած է նա­խորդ ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան ըն­թաց­քին տա­րո­ւած գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւնն ու ար­ձա­նագ­րո­ւած ո­րա­կա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցը, միա­ժա­մա­նակ անդ­րա­դար­ձած է գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կարգ մը բաց­թո­ղում­նե­րու եւ զա­նոնք յաղ­թա­հա­րե­լու հիմ­նա­կան քայ­լե­րուն ու աշ­խա­տան­քա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն: Ան հաս­տա­տած է, որ «2016ի ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան ըն­թաց­քին զի­նո­ւած ու­ժե­րը հա­ւա­տա­րիմ պի­տի մնան մնա­յուն զար­գաց­ման եւ շա­րու­նա­կա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցի սկզբունք­նե­րուն` տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ղե­կա­վա­րո­ւե­լով «­Պատ­րաս­տո­ւած հրա­մա­նա­տար, ար­հես­տա­վարժ բա­նակ, ա­պա­հով հայ­րե­նիք» կար­գա­խօ­սով»: Նիս­տի ա­ւար­տին, ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան ըն­թաց­քին լա­ւա­գոյն ար­դիւնք­ներ ցու­ցա­բե­րած զինո­ւո­րա­կան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րուն յանձ­նո­ւած են պա­տո­ւոյ դրօշ­ներ: Լա­ւա­գոյն աշ­խա­տան­քը տա­րած զի­նո­ւոր­նե­րը ար­ժա­նա­ցած են շքան­շան­նե­րու, պա­տո­ւոյ գի­րե­րու եւ ար­ժէ­քա­ւոր նո­ւէր­նե­րու: