­­­altՎար­չա­պետ Աբ­րա­հա­մեան յայ­տա­րա­րեց որ «2016-ին կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մը պի­տի կրճա­տո­ւի»:

­Ժա­մա­նակն է նաեւ որ այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն ա­ռի­թով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նո­ւա­նա­կան լե­զուն «հա­յա­ցո­ւի»` փո­խա­րի­նե­լով օ­

տար բա­ռե­րը հա­րա­զատ հա­յե­րէ­նով: Վս­տահ եմ որ վար­չա­պետ Աբ­րա­հա­մեա­նը իր վար­չա­կան եւ ազ­գա­յին խստա­պա­հանջ մօ­տե­ցու­մով պի­տի կա­րե­նայ ի­րա­գոր­ծել այս խիստ կա­րե­ւոր եւ ան­յե­տաձ­գե­լի աշ­խա­տան­քը:

Այս նիւ­թով նա­խա­պէս անդ­րա­դար­ձած էի «­Հա­յե­րէ­նը պահ­պա­նե­լու եւ վե­րա­կանգ­նե­լու գործ­նա­կան ա­ռա­ջարկ­ներ» («Ազ­դակ» 30 յու­լիս 2015) յօ­դո­ւա­ծով, սա­կայն այս ա­ռի­թով ա­ռա­ջար­կը կը կրկնեմ որ­պէս կոչ:

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան 18 նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րէն հե­տե­ւեալ եօ­թը նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ա­նուն­նե­րուն մէջ կան օ­տար բա­ռեր, եւ զար­մա­նա­լիօ­րէն ա­նոնց հա­մա­պա­տաս­խա­նող հա­յե­րէն բա­ռեր ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նին: Ս­տո­րեւ` ներ­կա­յիս գոր­ծա­ծո­ւող նա­խա­րա­րու­թեան ա­նու­նը, եւ տա­կը` ա­ռա­ջար­կո­ւած ա­նա­ղարտ հա­յե­րէն ա­նու­նը:

1.  «­Մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան ին­տեգր­ման եւ բա­րե­փո­խում­նե­րի նա­խա­րա­րու­թիւն»

«­Մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան լրաց­նու­մի եւ բա­րե­փո­խում­նե­րի նա­խա­րա­րու­թիւն»

2. «Աշ­խա­տան­քի եւ սո­ցիա­լա­կան հար­ցե­րի նա­խա­րա­րու­թիւն»

«Աշ­խա­տան­քի եւ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րի նա­խա­րա­րու­թիւն»

3. «Է­կո­նո­մի­կա­յի նա­խա­րա­րու­թիւն»

«Տն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն»:

4. «Է­ներ­գե­տի­կա­յի եւ բնա­կան պա­շար­նե­րի նա­խա­րա­րու­թիւն»:

«Ու­ժա­նիւ­թի եւ բնա­կան պա­շար­նե­րի նա­խա­րա­րու­թիւն»:

5. «Ս­պոր­տի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րի նա­խա­րա­րու­թիւն»

«­Մար­զա­կան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րի նա­խա­րա­րու­թիւն»

6. «Տ­րանս­պոր­տի եւ կա­պի նա­խա­րա­րու­թիւն»

«­Փո­խադ­րու­թեան եւ կա­պի նա­խա­րա­րու­թիւն»:

7. «­Ֆի­նանս­նե­րի նա­խա­րա­րու­թիւն»:

«Ե­լեւմ­տա­կան (հար­ցե­րի) նա­խա­րա­րու­թիւն»

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռըն­թեր կան վեց մար­մին­ներ, ո­րոնց եր­կու­քը կը պա­րու­նա­կեն օ­տար բա­ռեր

1.  «Ան­շարժ գոյ­քի կա­դաստ­րի պե­տա­կան կո­մի­տէ»:

«Ան­շարժ գոյ­քի կա­լո­ւա­ծագ­րա­կան պե­տա­կան կո­մի­տէ»

2. «­Քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­ւիա­ցիա­յի գլխա­ւոր վար­չու­թիւն»:

«­Քա­ղա­քա­ցիա­կան սա­ւառ­նու­մի գլխա­ւոր վար­չու­թիւն»:

Ինչ­պէս նաեւ` բազ­մա­թիւ են­թա­կա­ռոյց­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ա­նուն­նե­րը ո­րոնք կը պա­րու­նա­կեն օ­տար բա­ռեր, օ­րի­նակ` տի­վի­զիա = բա­ժան­մունք, ա­սո­ցիա­ցիա = ըն­կե­րակ­ցու­թիւն… եւ այլն:

Յա­րութ ­Չէ­քի­ճեան