altԱն­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ սկսաւ 2016 թո­ւա­կա­նի ձմեռ­նա­յին զօ­րա­կո­չը: Զօ­րա­կո­չին մաս­նակ­ցող բո­լոր կա­ռոյց­նե­րու հա­մա­կար­գո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն շնոր­հիւ, ա­ւե­լի բարձր հիմ­քե­րու վրայ դրո­ւած է զօ­րա­կո­չա­յին հո­լո­վոյ­թի ի­րա­կա­նա­ցու­մը: Ա­ւե­լի օ­րի­նա­կան եւ թա­փան­ցիկ զօ­րա­կոչ

ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով ներդ­րո­ւած զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան վայ­րի ընտ­րու­թեան վի­ճա­կա­հա­նու­թեան սկզբուն­քը կ­՛ա­պա­հո­վէ ար­դա­րու­թեան սկզբունք­նե­րու պահ­պա­նու­մը, նո­ւա­զա­գոյ­նին կը հասց­նէ փտա­ծու­թեան դրսե­ւո­րում­նե­րը եւ կա­րե­լիու­թիւն կ­՛ըն­ձե­ռէ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս կան­խե­լու ա­նօ­րի­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նո­ւած ու­ժե­րու հա­մալր­ման հո­լո­վոյ­թը խստա­գոյնս կը վե­րահս­կո­ւի Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան, զի­նո­ւած ու­ժե­րու ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան եւ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն կող­մէ: