altՁ­մեռ­նա­յին զօ­րա­կո­չի ըն­թաց­քը եւ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րը տեղ­ւոյն վրայ դի­տար­կե­լու նպա­տա­կով` հան­րա­պե­տա­կան կեդ­րո­նա­կան հա­ւա­քա­կա­յան այ­ցե­լած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան: Զրու­ցե­լով նո­րա­կո­չիկ­նե­րու ծնող­նե­րուն եւ հա­րա­զատ­նե­րուն հետ, Սէյ­

րան Օ­հա­նեան վստա­հե­ցու­ցած է, որ հայ­կա­կան զի­նո­ւո­րա­կան ու­ժե­րը ա­մէն օր գե­րա­զան­ցու­թեամբ կը յանձ­նեն ի­րենց առ­ջեւ դրո­ւած քննու­թիւ­նը, ինչ որ վստա­հա­բար բա­նա­կի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին, հայ զի­նո­ւոր­նե­րու բա­րե­խիղճ ծա­ռա­յու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան միա­կամ ա­ջակ­ցու­թեան ար­դիւնքն է: Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը ը­սած է, որ զօ­րա­կոչ առ զօ­րա­կոչ կը կա­տա­րո­ւի կա­րե­լին` հա­մա­պե­տա­կան նշա­նա­կու­թեան այս կա­րե­ւոր հո­լո­վոյ­թը յա­ւուր պատ­շա­ճի կազ­մա­կեր­պե­լու, զօ­րա­կո­չի թա­փան­ցի­կու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղու­թեամբ:

Նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն յոր­դո­րած է գի­տակ­ցա­բար մօ­տե­նալ զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան, լսած է հրա­մա­նա­տար­նե­րուն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը եւ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն ցուց­մունք­ներ կա­տա­րած է ա­նոնց: